Միացեալ Նահանգներ Պիտի Օգնեն Արցախին


Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբը որոշած է վերականգնել Լեռնային Ղարաբաղը ամերիկեան օգնութիւն ստացողներու շարքին եւ աւելցնել Հայաստանին յատկացուող գումարը:

Այս մասին «Ամերիկայի ձայն»-ին խօսեցաւ պատմեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Եղիսաբէթ Չուլճեան:

«Արցախին Ամերիկայի օժանդակութիւնը շարունակելու մասին որոշումը կարեւոր քայլ էր` Ամերիկա-Արցախ յարաբերութիւններու  ամրապնդման համար», ըսաւ Չուլճեան:

Անոր համաձայն, 1998-էն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուող ամերիկեան օգնութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ տեղւոյն բնակչութեան մարդասիրական խնդիրները կարգաւորելու համար: Ծերակոյտի  յատկացումներու յանձնախումբին որոշումով, 10 տոկոսով աւելցած է նաեւ ամերիկեան օժանդակութիւնը Հայաստանին` հասնելով 20 միլիոն տոլարի:

Հայաստանին ամերիկեան յատկացումներուն միջոցով տասնեակ հայ երիտասարդներ արտերկրի մէջ ուսումը շարունակելու կարելիութիւններ կը ստանան, հարիւրաւոր կիներու համար կ՛ապահովուի քաղցկեղի անվճար կանուխ ախտորոշում եւ լիակատար բուժում, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը վնասազերծուին հազարաւոր ականներ, կը փրկուին եւ կը բարելաւուին բազմաթիւ  մարդոց կեանքեր:

Միայն Ղարաբաղի մէջ Միացեալ Նահանգներու պետական պիւտճէէն ստացուած միջոցներով եւ բարերարներու օգնութեամբ վնասազերծուած է 250-էն աւելի ականապատուած դաշտ: Հայաստանի մէջ տասնեակ մը գիւղեր ապահովուած են ոռոգման եւ ըմպելի ջուրով, լուսաւորուած են մարզային քաղաքներու եւ գիւղերու փողոցներ, մանր արտադրողներուն վարկ ստանալու կարելիութիւն տրուած է:

Եղիսաբէթ Չուլճեանի խօսքով, Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը նաեւ կարեւոր խորհրդանշական դեր կը կատարէ, «անոնք կարեւոր քայլեր են թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի կապերը ամերիկեան կառավարութեան հետ ամրապնդելու ուղղութեամբ»:

Հայ համայնքը այժմ կը փորձէ նաեւ երաշխաւորել, որպէսզի Սուրիոյ գաղթականներուն Միացեալ Նահանգներուն կողմէ յատկացուող 195  միլիոն տոլարի օգնութեան մէկ մասը տրամադրուի նաեւ Սուրիայէն Հայաստան եւ այլ երկիրներ տեղափոխուած հայերուն:

«Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատանքները, որպէսզի վստահ ըլլայ, որ այն բոլոր հայերը, որոնք Սուրիայէն  տեղափոխուած են Հայաստան եւ այլ երկիրներ, օժանդակութիւն ստանան», ընդգծեց Եղիսաբէթ Չուլճեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.