Օզպիլիս Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Սպարտակէն


7-09-15_ozbilis

Ռուսական մամուլին համաձայն, շատ հաւանական է, որ այս ամրան ընթացքին Արազ Օզպիլիս հեռանայ իր ակումբէն` Սպարտակ Մոսկուայէն:

«Ներկայիս, Օզպիլիսի փոխանցման շուրջ Սպարտակ քանի մը առաջարկներ ստացած է: Կը կարծուի, որ այս ամրան ընթացքին ֆութպոլիստը պիտի հեռանայ ակումբէն, կը յայտնէ ռուսական ակումբին կայքը:

Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին ֆութպոլիստը Քուպանէն Սպարտակի միացաւ 2013-ին, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.