Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները


Չորեքշաբթի, 24 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչները, գլախաւորութեամբ Հրանդ Մարգարեանի։

Առաւել քան ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, վերջերս Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան, Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին եւ Սուրիոյ Հայութեան հետ առնչուած հարցեր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.