Հայաստան՝ «Ահազանգային ցած մակարդակ» ունեցող երկիր


«Դիւրաբեկ պետութիւններու աղիւսակ»ի (Fragile States Index) տուեալներուն համաձայն՝ Հայաստան աւելի կայուն է, քան Հարաւային Կովկասի միւս պետութիւնները։ Աղիւսակին մէջ Հայաստան կը գրաւէ 108-րդ դիրքը (առաջին դիրքը գրաւող պետութիւնը ամենախոցելին կը նկատուի)։

2014-ի համեմատ, Հայաստան իր դիրքը բարելաւելած է 4 կէտով։

Հայաստան կը գտնուի «ահազանգային ցած մակարդակ» ունեցող պետութիւններու ցանկին մէջ՝ Սուրինամի, Ղազախստանի, Սամօայի, Գուպայի եւ շարք մը այլ երկիրներու հետ։

Հայաստանի դրացիներէն ամենախոցելի երկիրը կը նկատուի Իրանը, որ 44-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի, մինչ Վրաստան 70-րդ դիրքին վրայ է, Ազէրպայճան՝ 80-րդ, իսկ Թուրքիա՝ 90-րդ։

Ռուսաստան 65-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ մաս կը կազմէ «ահազանգային բարձր մակարդակ» ունեցող պետութիւններու ցանկին։

Աշխարհի ամենախոցելի  երկիրներու երրեակին մաս կը կազմեն, երկրորդ տարին ըլլալով, յաջորդաբար՝ Հարաւային Սուտանը, Սոմալիան եւ Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութիւնը։

Նախորդ տարուան համեմատ, ամենէն մեծ անկումը արձանագրած են Ուքրաինան, Սուրիան եւ Լիպիան, իսկ ամենէն մեծ յառաջխաղացքը՝ Գուպան, Վրաստանը եւ Փորթուկալը։

Ամենէն կայուն պետութիւնները կը նկատուին՝ Ֆինլանտիան, Շուէտը, Նորվեկիան, եւ Դանիան։

Աղիւսակի հեղինակներն են՝ «The Fund for Peace»ը եւ «Foreign Policy» ամսագիրը։ Անոնք նկատի կ՚առնեն տարբեր չափորոշիչներ՝ երկրի տնտեսական իրավիճը, ապահովութեան մակարդակը, գաղթականներու հարցեր, օրէնքները պարտադրելու յանձնառութիւնը, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, աղքատութեան մակարդակը, եւայլն։

Հայաստանը տարին պիտի աւարտէ շուրջ 5 միլիառ տոլար պետական պարտքով

Յունիս 19-ին, Ազգային Ժողովին մէջ, Ելեւմուտի փոխնախարար, գլխաւոր գանձապետ Ատոմ Ջանջուղազեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայաստան 2015-ը պիտի աւարտէ 4,8-4,9 միլիառ տոլար պետական պարտքով։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.