Թրքական Բանակի Հակահայ Համացանցային Կայքերը


0623colonel

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը, իր տեղեկութիւնները թրքական «Զաման» թերթէն քաղելով, կը տեղեկացնէ, թէ թրքական զինուորական ուժերու նախկին գնդապետ Տուրշուն Չիչեք խոստովանած է, որ բանակը 2000ականներու սկիզբէն համացանցային յատուկ կայքեր հաստատած էր՝ նպատակ ունենալով վարկաբեկել իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ անոր կառավարութիւնները, ինչպէս նաեւ հայերը, քիւրտերը եւ Կիւլենի շարժումը։

Չիչեք ընդունած է, թէ բանակին թիրախը եղած են բոլոր ազդեցիկ իսլամական քաղաքական գործիչները, որոնք կը սպառնային աշխարհիկ կարգերուն։
Նշենք, որ Տուրշուն Չիչեք ներկայիս Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ երեսփոխան է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.