Արմենակ Պաքըրճըեանի Դամբարանի Բացում Տերսիմի Մէջ
- (0)

Շաբաթ, 26 Ապրիլին, Նազըմիյէ շրջանի Քսարիք գիւղին մէջ կառուցուած դամբարանի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Տերսիմի շրջանէն երեսփոխանական թեկնածուներ Ալիճան Էօնլու եւ Էտիպէ Շահին, Տերսիմի համաքաղաքապետ Նուրհայաթ Ալթիւն եւ ներկայացուցիչներ տարբեր միութիւններու, քաղաքական կուսակցութեան եւ կազմակերպութիւններու, ներառեալ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան, DBP-ի, DHF-ի, EMEP-ի, ESP-ի, DERADOST-ի եւ «Փարթիզան»-ի։ Յունաստանէն եւ Ֆրանսայէն սփիւռքի անդամներ եւս ներկայ էին արարողութեան։
Խումբը քայլարշաւ կատարեց դէպի Նազըմիյէ շրջանին մէջ Փերիսույու գետին վրայ «Փեմպելիք» ամբարտակի եզերքին կառուցուած դամբարան, եւ բարձրացուց պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին «կը դատապարտենք Հայոց ցեղասպանութիւնը, մենք կ՚ոգեկոչենք Արմենակ Պաքըրճըեանի յիշատակը» եւ «Հրանդէն Սեւակ՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը 100-րդ տարին ըլլալով կը շարունակուի»։
Քայլարշաւի ընթացքին կարճատեւ լարուածութիւն ստեղծուեցաւ ոստիկանութեան եւ ներկաներուն միջեւ՝ պաստառի մը պատճառով։
Քայլարշաւէն ետք, Պաքըրճըեանի դամբարանի բացումը կատարուեցաւ։ Արարողութեան ընթացքին մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը եւ կարմիր ծաղկեպսակներ զետեղեցին Պաքըրճըեանի գերեզմանին վրայ։
Տապանաքարը կը կրէ հետեւեալ արձանագրութիւնը.«Ի յիշատակ Արմենակ Պաքըրճըեանի, Հրանդ Տինքի, Մանուէլ Տեմիրի, Նուպար Եալըմեանի, Գէորգ Չաւուշի, Մոնթէ Մելքոնեանի, Անդրանիկ Օզանեանի…եւ անանուն ու առանց գերեզմանի բոլոր հերոսներուն»։
TKP-ML (Թուրքիոյ համայնավար կուսակցութիւն-Մարքսիստ Լենինական) ԹԻՔՔՕ-ի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արմենակ Պաքըրճեան (Օրհան Պաքիր) պանուեցաւ 13 Մայիս 1980-ին Խարբերդի մէջ, Քարաքոչանի մէջ ոստիկանութեան հետ բախումի մը ընթացքին։