Լաւալ քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդը, Ապրիլ 7, 2015-ի իր նիստի ընթացքին պաշտօնապէս ճանչնցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Սեն Տորոթէ շրջանի ներկայացուցիչ Ռէյ Խալիլ, ծագումով հայ լաւալցի բազմաթիւ քաղաքացիներու ներկայութեան, առաջարկեց ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, դատապարտել պատմական ճշմարտութեան, մարդկային հաւաքական եւ անհատական հիմնարար իրաւունքներու սկզբունքներուն հակասող ժխտումը կամ աղաւաղումը եւ բոլոր լաւալցիները հրաւիրելու իւրաքանչիւր տարուան 24 Ապրիլը նշելու իբրեւ այդ ցեղասպանութեան յիշատակման օր, առ ի զօրակցութիւն Լաւալի Հայ համայնքին, եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը մանուկներուն, կիներուն եւ այրերուն, որոնք զոհ գացին այդ ցեղասպանութեան, որուն յիշատակը Լաւալը միշտ պիտի ոգեկոչէ, որպէսզի ցեղասպանութիւնը երբեք չկրկնուի։
Բանաձեւը աջակցութիւն ստացաւ ընդդիմութեան անդամ, քաղաքապետական խորհուրդի մէջ Շոմետիի ներկայացուցիչ տիկին Ակլայա Ռեւելաքիսի կողմէ եւ միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ։
Նշենք, որ 21 Հոկտեմբեր 2013-ին «Յոյսը» խորագիրով յուշարձան մը զետեղուեցաւ Լաւալի քաղաքակեդրոնին հողատարածքի մը վրայ։ Այդ յուշարձանը նուիրուած էր 1915-ին թրքական կառավարութեան կողմէ գործադրուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհ 1,5 միլիոն հայերու յիշատակին։
400 հազար բնակչութիւն ունեցող Լաւալ քաղաքը, Քեպէգ նահանգի երրորդ մեծագոյն քաղաքն է: