Թուրքիոյ «Ժամանակակից իրաւաբաններու միութիւնը» ներողութիւն խնդրած է հայերէն


«Հայերն Այսօր» – Թուրքիոյ «Ժամանակակից իրաւաբաններու միութեան» (ԺԻՄ-ÇHD) իզմիրեան մասնաճիւղը ներողութիւն  խնդրած է հայերէն` Հայոց ցեղասպանութեան համար: Այս մասին ermenihaber.am-ին կը հաղորդէ թրքական «demokrathaber.net» լրատուական կայքի թղթակից Հրանդ Գասպարեան:

Ապրիլ 9-ին Իզմիրի փաստաբաններու պալատի ծրագրած «Ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն. վերջ տանք հարիւրամեայ սուտին» խորագիրով ժողովը բողոքի ալիք  բարձրացուցած է Իզմիրի իրաւաբաններու շրջանին մէջ: Ի պատասխան պետական ժխտողական քաղաքականութիւնը որդեգրած փաստաբաններու պալատի նշեալ նախաձեռնութեան` Իզմիրի ԺԻՄ-ը հրապարակած է  յայտարարութիւն մը, որով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրած հայ ժողովուրդէն:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի.

«Իզմիրի փաստաբաններու պալատը 2015թ. Ապրիլ 9-ին «Ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն. վերջ տանք հարիւրամեայ սուտին» խորագիրով ժողով կը կազմակերպէ:

Իրաւաբանական կազմակերպութեան կողմէ մարդկութեան դէմ իրականացուած այնպիսի յանցագործութեան թեմայով, ինչպիսին ցեղասպանութեանն է, պաշտօնական գաղափարախօսութեան տարածումն ու ազգայնամոլութեան թոյնի գովազդումը մեզի հարկադրեցին հանդէս գալու յատուկ յայտարարութեամբ: Անկէ հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու նկատմամբ «Տեղահանութիւն» անուան տակ իրականացուած գործողութիւնը ցեղասպանութիւն էր:

Իբրեւ Իզմիրի փաստաբաններ` մենք թոյլ չենք տար, որպէսզի քօղարկուի կամ մոռցուի հայ ժողովուրդին հանդէպ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը: Մենք հայ ժողովուրդէն ներողութիւն կը խնդրենք այն փաստաբաններու պալատի անունէն, որուն անդամ ենք»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.