ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»ի երիտասարդները ձերբակալուած են թռուցիկներ բաժնելու եւ պաստառ պարզելու պատճառով


 Նոր Յառաջ – Հ.Յ.Դաշնակցութեան «Նոր Սերունդ» երիտասարդական շարժումի տղաքը Ապրիլ 4-ի յետմիջօրէի առաջին ժամերուն գացած են Լիոնի Անթոնէն Փոնսէ հրապարակը, արդարութիւն եւ հատուցում պահանջելու՝ հայ ժողովուրդին համար։ Ապա, «Նոր Սերունդ»ականները հոնկէ անցած են քովի Պէլքուռ հրապարակը ուր պարզած են «Ge՛nocide arme՛nien, 100 ans, justice et re՛parations #AGJR» արձանագրութեամբ պաստառ մը։ Այդ պահուն ոստիկանութեան տասնեակ մը կառքեր հոն փութացած են զանոնք ձերբակալելու համար։

Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ «Նոր Սերունդ» կը դատապարտէ ապահովութեան ուժերուն այս անտեղի եւ չափազանցեալ միջամտութիւնը։

Յիշեցնելէ ետք թէ Անթոնէն Փոնսէ հրապարակին վրայ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշարձանը ցեղապաշտական բնոյթին արձանագրութիւններով պղծուեցաւ դեռ հազիւ քանի մը օր առաջ, «Նոր Սերունդ» կը յայտնէ իր վրդովումը ու կ՚ըսէ, թէ մինչ այդ արարքին հեղինակները, հակառակ նշեալ հրապարակին վրայ զետեղուած հսկողութեան տեսախցիկներուն, չեն ձերբակալուած եւ կը շարունակեն մնալ անպատիժ, անդին՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումին քանի մը օր մնացած, Հայ Դատի ի նպաստ ցոյց կատարող հայ երիտասարդները կը ձերբակալուին եւ աննուղակի կերպով կ՛ամբաստանուին թուրք պետութիւնը նախատելու յանցանքով։

հաղորդագրութիւնը կ՚եզրափակուի Թուրքիոյ ուղղուած վճռակամութեան արտայայտութիւններով, նշելով, որ այնքան ատեն որ այդ պետութիւնը պիտի չհատուցանէ իր կատարածին համար, հանգիստ պիտի չունենայ։

Կապ հաստատեցինք «Նոր Սերունդ»ի նախագահ Լօռիս Թուֆանեանի հետ, որ մեզի բացատրեց, թէ ձերբակալուած տղաքը ոստիկանատան մէջ՝ հսկողութեան կարճ շրջանէ մը ետք ազատ արձակուած են։ Միայն թէ այդ հսկողութիւնը եղած է բանտարկութեան ձեւով, իրաւաբանական օրէնքներու ամբողջական անտեսումով։ Զանոնք դիպահ վար դնելու ոչ սկիզբի եւ ոչ ալ աւարտի արձանագրութիւն կատարուած է, ինչպէս կը տնօրինէ օրէնքը։ Յաւելեալ՝ զննուած է անոնց առձեռն հեռաձայններու բովանդակութիւնը, ինչ որ ընդհանրապէս ահաբեկիչներու հարցաքննութեան վերապահուած գործելաձեւ է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.