Ռուանտայի Ցեղասպանութեան Օթթաուայի ոգեկոչման ընթացքին յիշատակուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Օթթաուա.- Ապրիլ 8-ին, Գանատայի խորհրդարանին դիմաց կայացաւ Ռուանտայի Ցեղասպանութեան 21-ամեակի ոգեկոչումը, որուն մասնակցեցան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ-քարտուղար Աբօ Նիզիպլեան։
Ոգեկոչման հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Ռուանտայի Ցեղասպանութեան վերապրողներու գանատական համախմբումին (Humura) կողմէ։ Ռուանտայի Ցեղասպանութեան մասին անդրադարձաւ Humura-ի նախագահ Օսքար Կաւանա։ Ելոյթ ունեցան Գանատայի խորհրդարանի անդամ Փոլ Տիուըր եւ Գանատայի արդարարութեան նախկին նախարար եւ 2003-2006 Գանատայի գլխաւոր դատախազ Իրուին Քաթլըր, որոնք իրենց ելոյթին մէջ յիշեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտեցին 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։ Հանդիսութեան պատգամախօսներու շարքին էր տոքթ. Պասմաճեան, որ յայտնեց, թէ իր նախահայրերը նոյնպէս ցեղասպանութեան մը հետեւանքով վերապրող անհատներ են, ինչպէս Ռուանտայի Ցեղասպանութեան վերապրողները։
Տոքթ. Պասմաճեանի խօսքին ընթացքին, հրաւիրեալներու շարքին գտնուող թրքական դեսպանատան առաջին քարտուղարարը լքեց հանդիսութիւնը։