Սեւ Վարդավառը


… Կառավարութեան կողմէ Ճիլիլենց Իպրահիմը բաւական զօրքերով գիւղ եկաւ, քիւրտերու հետը միասին գիւղի մէջ եղող Գոմսեցի, Սուլուխցի, Խոբերցի եւ մեր գիւղացի կիներ եւ մանուկները հաւաքուած 500-600 հոգի, կողոպտելէ վերջ մարագները լեցուցին եւ քարիւղով փայտի նման այրեցին, աղաղակներու ձայնը մինչեւ երկինքը կ՚երթար, բայց ոչ մէկ օգնութիւն:

Անցան մի քանի օրեր ազատուած կիներ եւ մանուկները գիւղը ապաստան գտնելով, կէսօրուայ ժամանակները, Խոբերի կողմէն կարաւան մը կու գայ, Իպրահիմ իր զօրքերով հաւաքած հայ կիներն է որ կը բերէ այրելու, ճանապարհին կին մը որ յղի է, չի կարողանար քալել, Զազայ զինուորները սուրով փորէն երեխան ողջ-ողջ կը հանեն եւ կնոջ քովը դնելով երկուքն ալ սունկիներով կտոր-կտոր կ՚ընեն, այս դէպքը գիւղէն 10 կամ 15 վայրկեան հազիւ հեռու, եւ կինն ալ Խոբերդցի: Հաւաքեցին գիւղին մէջ եղողները եւ բերածները մօտ 400 հոգի, մեր տունէն կային 17 հոգի, հօրեղբօրս աղջիկը կարգէն դուրս ելած էր, զէնքի գնդակով մը ցորենի հորը ինկաւ եւ հոգին աւանդեց, հազիւ 9-10 տարեկան կար: 

Սուլէման աղայի միջամտութեամբ եւ խնդրանքին վրայ, եւ կարծես Իպրահիմի կերած հացը եւ ջուրը իր խիղճը տանջեց, ինծի եւ պզտիկ եղբայրս Արշաւիրը կանչեց. «տղաքս ձեր հայրը իմ լաւ բարեկամն էր, միասին հաց ու աղ կերած ենք, ձեզի չեմ սպաներ, գացէք թուրք կառավարութեան աղօթք ըրէք եւ մուսուլման եղէք» ըսաւ, իր ձեռքը համբուրեցինք եւ պատի մը առաջ նստեցանք, նաեւ զատեցին Խոբեր գիւղացի Ճնճղիկենց հարսը, կարծես թէ Աստուած եւ բնութիւնը իրեն մասնաւոր գեղեցկութիւն տուած էր, ժամերով աշխատեցան որ ոեւէ մէկին կնութիւնը ընդունէ, սպառնալիք, չարչարանք, անօգուտ, հարսը կ՚ըսէր. «ես հայ եմ, հայի պատիւը բարձր է ամէն ինչէն, զիս ալ իմ ազգակիցներուս հետը սպանեցէք, այրեցէք, բայց ձեզի պէս շուներուն պատիւս չեմ յանձներ», իրենց մեծի թոյլտուութեամբ թէ «ձգեցէք թող շունչ առնէ խելքը գլուխը կը հաւաքէ, վերջը կը տանինք», հազիւ երկու քայլ հեռացան, հարսը ոտքի ելաւ եւ սկսաւ փախչիլ դէպի գետը, զօրք, քիւրտ ետեւէն գնդակները կ՚արձակեն օդին մէջ, բայց անօգուտ, հարսը իր ճամբան կը շարունակէ, եւ դեռ չեն ուզեր սպանել, կուրացած իրենց կիրքէն, հարսը հասած էր գետի բլուրի վրայ, ինքզինք պիտի նետէր Մուրատ գետը, ետեւէն հրացանները արձակեցին իր մարմինը սառատի պէս ծակծկելով ջուրը ինկաւ: Ահա հայու պատիւ պաշտպանող եւ բարձր պահող կինը: Գրելով եւ պատմելով չի լրանար մեր տեածները եւ քաշածները, սիրտը քար եւ ձեռքր փայտ ըլլալու է որ կարողանանք գրել եւ պատմել:

Սիրելի եւ պաշտելի իմ Տարօն, մեռան, սպանուեցան եւ այրեցան քու հարազատ զաւակներդ, եւ մենք վերապրողներուս մէջը արթնցած վրէժը պիտի հրահրէ զմեզ, ձեր ժառանգաւորներ եւ մեր նոր սերունդով, օր մը օրանց կարողանաս քու Արծուի թեւերուդ տակ հաւաքուած կորիւններովդ հրապարակ գալ, հայ աշխարհի վրայ, այն ատեն Մամիկոնեան ուխտով երդում կ՚ընենք հարազատ զաւակներդ յաւիտեանս յիշելու քու փառաւոր անցեալդ եւ հաւաքելով նահատակուած հարազատ զաւակներուդ ոսկորները, նոյնիսկ փոշիացածները, եւ վրան կանգնեցնել հայկական խաչի յուշարձան մը, որպէս ուխտավայր մը՝ Սուրբ Կարապետի կողքին, որմէ ամչնան եւ դողան մեր թշնամիները:

ՀԱՄԱԶԱՍՊ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Տարօնի արծիւ, 1948, թիւ 26

Ծանօթ խմբ.- Վերոյիշեալ գրութիւնը հատուած մըն է «Սեւ Վարդավառը» (Իմ յուշերէն) գրութենէն (16 Մարտ 1939, Արապ Փունար, Սուրիա). հեղինակն է Համազասպ Տէր Խաչատուրեան. յօդուածը լոյս տեսած է «Տարօնի արծիւ» պարբերաթերթին մէջ, թիւ 26, Ը. տարի, 1948:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.