Համշենահայերու Ինքնութեան Հարցը Համշենցի Մտաւորականի մը Մեկնաբանութեամբ


Մելինէ Անումեան եւ Թեհմինէ Մարտոյեան akunq.net կայքին վրայ լոյս տեսած իրենց յօդուածին մէջ կը գրեն, որ ներկայիս Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ գտնուող Արդուին նահանգի Խոպա (Հոփա) քաղաքին մէջ բնակող համշենահայ մտաւորական Ճեմիլ Աքսու (նկարը) աւարտած է Անատոլու համալսարանի Գրականութեան կաճառի իմաստասիրութեան բաժինի մագիստրոսի աստիճանը։ Ձախակողմեան կողմնորոշում ունեցող Աքսուն իր քաղաքական հայացքներուն պատճառով 8 տարի բանտարկուած է։

Ան 2014 թուականէն ի վեր հրատարակուող համշենական առաջին ամսագիրի՝ «Գոր»-ի խմբագրակազմի անդամ է։

Մելինէ Անումեան եւ Թեհմինէ Մարտոյեան Ճեմիլ Աքսուի հետ զրուցեցին համշենահայերու ինքնութեան պահպանման ուղղուած աշխատանքներու մասին։ 

***

akunq.net-ի այն հարցումին, թէ Պոլիսի մէջ գործող ՀԱՏԻԿ միութիւնը ինչու մասնաճիւղ չի բանար համշենահայերով հոծ բնակուած Խոպա քաղաքին մէջ, Աքսու պատասխանեց, թէ թերեւս սոյն կազմակերպութեան օրակարգին վրայ այդ հարցը չէ եղած, եւ Խոպայէն ալ նման պահանջ չէ ներկայացուած։

Ամսագիրը պիտի հրատարակուի վեցամսեայ պարբերականութեամբ, երկրորդ թիւը լոյս պիտի տեսնէ Ապրիլ 2015-ին։

Հանդէսի նպատակն է պահպանել Համշենի բարբառն ու համշենահայերու մշակոյթը։ Ամսագիրը պիտի տարածուի նաեւ Կրասնոտարի երկրամասի համեշանահայերու շրջանակին մէջ։

Անիկա բաղկացած է երեք հիմնական բաժիններէ.

– Գիտական բաժին, որուն մէջ պիտի ներկայացուի Համշենի եւ համշենահայութեան պատմութիւնը։- Լեզուի բաժին, որու նպատակն է Համշենի բարբառին չտիրապետող համշենցիներու սորվեցնել մայրենի բարբառը։- Բանահիւսութեան բաժին, ուր հայոց լեզուի Համշենի բարբառով պիտի ներկայացուի Համշենի բանահիւսութիւնը։

Ճեմիլ Աքսուն շեշտեց, որ պարբերաթերթի հիմնական նպատակներէն մէկը համշենցիներու ինքնութեան խնդիրն է. «Գոր»-ի խմբագրակազմը, սակայն, համշենական ինքնութիւնը կը տեսնէ հայկականէն անջատ։ Հակառակ ատոր՝ անոնք համոզուած են, որ համշեներէնը հայոց լեզուի բարբառ է, որովհետեւ իննիսուն տոկոսով հայերէն է։

Ան նշեց, որ համշենցիները կասկածանքով կը վերաբերին իրենց հայկական ծագման մասին տեսակէտին, որովհետեւ համշենական ինքնութիւնը հարիւր տարի է ի վեր կտրուած է հայկականէն, իսկ ցեղասպանութիւնը պատճառ է, որ ժխտուի հայկական ինքնութիւնը։Աքսուն նաեւ յայտնեց, որ համշենցիներու մեծ մասը չի տիրապետեր Համշենի բարբառին, որով կը հաղորդակցին միայն Խոպա գաւառի համշենցիները։ Եւ այդ փաստը կը բարդացնէ Թուրքիոյ համշենցիներու ինքնութեան ընկալումը։Ան նկատեց, որ եթէ Կրասնոտարի համշենցիները կ՚ըսեն՝ մենք համշենցի հայ ենք, ապա Թուրքիոյ համշենահայերը իրենք զիրենք կը համարեն համշենցի, սակայն ոչ՝ հայ։

Անոր կարծիքով՝ համշենցիներու շրջանակին մէջ ինքնութեան հարցի նկատմամբ ընդհանուր առմամբ երեք մօտեցում կը նկատուի։Առաջինը ազգայնամոլական մօտեցումն է, որու հակուած համշենցիները կը կարծեն, թէ համշեներէնը թրքերէն է, այդ տեսակէտը կը հիմնաւորեն այն փաստով, որ թրքերէն շատ բառեր կան այդ լեզուի մէջ։

Երկրորդ մօտեցման հակուած համշենցիները կը համարեն, որ իրենք համշենցի են, սակայն ունին երկու ինքնութիւն. վերին ինքնութիւնը թրքական է, վարինը՝ համշենական։ Այս երկրորդ մօտեցման առաւելապէս կողմնակից են ընկերվար-ժողովրդավարները։

Իսկ երրորդ մօտեցումին հակուած մարդիկ իրենք զիրենք ուղղակի համշենցի կը համարեն եւ կարեւոր կը նկատեն լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումը։

Ճեմիլ Աքսու ինքնութեան նկատմամբ այդ հակասական վերաբերմունքը բացատրեց այն փաստով, որ համշենցիները արդէն ուծացուած են եւ անտեղեակ են իրենց իսկական ինքնութեան մասին։ Ինք անձամբ կը կարծէ, որ համշենցիները կը հայկական արմատ ունին։ Իբրեւ համշենական ինքնութեան սահմանում՝ Աքսուն առաջարկեց հետեւեալ տարբերակը. «Ազրպէյճանի ուզպեքները իրենք զիրենք կը համարեն առանձին ժողովուրդ։ Համշենցիները եւս իրենք զիրենք պէտք է ընկալեն իբրեւ առանձին ազգային հանրութիւն, որ ծագում առած է հայերէն»։

Ըստ անոր, քանի որ տակաւին 300 տարի առաջ իսլամացուած համշենցիները հեռու եղած են հայկական տարածաշրջանէն, օտարուած՝ Հայ առաքելական եկեղեցիէն, չեն ենթարկուած ցեղասպանութեան, ատոր համար ալ ուծացուած են, կորսնցուցած լեզուն եւ պատմական ինքնագիտակցութիւնը։

Ճեմիլ Աքսու նաեւ ընդգծեց, որ համշենական ինքնութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր տակաւին կարօտ են գիտական ուսումնասիրութեան։ Օրինակ՝ պէտք է բացայայտել, թէ ինչու եւ ինչպէս համշենցիները Խոպա գաղթած են Ռիզէէն, ուր կը գտնուի բուն Համշենը։ Ինչու այստեղ գաղթած համշենցիները պահպանած են լեզուն, իսկ Ռիզէի համշենցիները՝ ոչ։ Ան նշեց, որ հարցերու վերաբերեալ փոքրաթիւ ուսումնասիրութիւնները բաւարար չեն։Անդրադառնալով ինքնութեան սեփական ընկալման՝ Աքսուն ըսաւ, որ իրեն համար կարեւոր չէ հայ կամ թուրք ըլլալը։ Ան նշեց, որ ինքզինք ազգային առումով չի բնորոշեր, որովհետեւ իբրեւ ձախակողմեան՝ կը կարծէ, որ ազգային ինքնութիւնը ամօթ զգալու կամ հպարտանալու առիթ չի կրնար ըլլալ։ Սակայն ինքնութիւնը ժխտելը, ըստ Աքսուի, կը նշանակէ հոգեբանական ողբերգութիւն ապրիլ։

Համշենահայ մտաւորականը նաեւ յայտնեց, որ ո՛չ «Գոր» ամսագիրը, ո՛չ ալ ՀԱՏԻԿ միութիւնը նպատակ չեն դրած համոզել համշենցիներուն, թէ իրենք հայ են։ Որովհետեւ եթէ ազգութիւնը հիմնական համարեն, պիտի չկարողանան առողջ քննարկման մթնոլորտ ձեւաւորել։Ճեմիլ Աքսուն նաեւ հաղորդեց, որ ներկայիս կը քննարկուի դպրոցներուն մէջ համշեներէնը իբրեւ ընտրովի դաս ընդգրկելու հարցը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.