Վատիկանի Արխիւները Լոյս Կը Սփռեն Հայոց Ցեղասպանութեան Ողբերգութեան Վրայ


Անտրէա Կակլիարտուչի Կաթողիկէ լրատու գործակալուծեան կողմէ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ կը գրէ, որ Յիսուսեաններու կողմէ հրատարակուող իտալական «Լա Սիվիլիթա Քաթոլիքա» պարբերաթերթը շեշտած է, որ վերջերս Վատիկանի կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթերը «կը փաստեն, թէ Սրբազան աթոռը, որ միշտ տեղեակ էր իրադարձութիւններէն, կրաւորական դիրքորոշում չէ ունեցած, այլ՝ ուժեղ կերպով յանձնառու էր դիմակայելու (Հայոց ցեղասպանութեան) հարցը»։ «Պենետիկտոս ԺԵ-ը միակ ղեկավարը կամ կրօնական ղեկավարն էր, որ բողոքեց «հսկայական ոճիրին» դէմ»։

Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբը կը նկատուի 24 Ապրիլ 1915-ին Պոլսոյ մէջ հայերուն ջարդը։ Յաջորդող 8 տարիներուն ընթացքին 1,5 միլիոն հայեր սպաննուեցան եւ միլիոնաւոր ուրիշներ տեղահանուեցան։ Սակայն այդպիսի սպանութիւններ նախապէս եւս գործուած էին, երբ տարածաշրջանին մեծամասնութիւնը տակաւին օսմանեան տիրապետութեան տակ էր։

Օրինակի համար, Հալեպի մէջ իբրեւ միսիոնար ծառայող ֆրանսիսեան վարդապետ Տոմինիքօ Ուերսոնի կողմէ 27 Մարտ 1896 թուակիր նամակ մը կը պատմէ Մարաշի եւ անոր մերձակայքի քրիստոնեաներու ջարդին մասին։

Նոր հրապարակուած փաստաթուղթերուն մեծամասնութիւնը կը գտնուէին Արեւելեան եկեղեցիներու համախմբումի արխիւին մէջ։ Անոնք չորս գիրքերու շարքի մը մէջ հրատարակուած են Յիսուսեան վարդապետ Ժորժ-Հանրի Ռուիսենի կողմէ։ Նախքան գիրքերուն 21 Մարտին հրապարակումը՝ «Լա Սիվիլիթա Քաթոլիքա»-ի վերջին թիւը հրատարակած է անոնց ամփոփումը։

«Հայկական հարց»-ին վերաբերեալ փաստաթուղթերը կը ներառեն 19-րդ դարէն 20-րդ դարու առաջին կէսը երկարող ժամանակահատուածը։

Հաւաքուած փաստաթուղթերը կը ներառեն Հռոմի Պապերէն եւ Օսմանեան սուլթաններէն նամակներ, Վատիկանի պետական քարտուղարութենէն, վատիկանեան այլ վերատեսչութիւններէ կամ քարտուղարութիւններէ փաստաթուղթեր եւ կարճ նամակներ, առաքելական պատուիրակներու կողմէ փաստաթուղթեր եւ զեկուցումներ, հայ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու կողմէ նամակներ, որոնք բոլորն ալ անմիջական տեղեկութիւններ կը պարունակեն։

Այդտեղ կան նաեւ զեկուցումները ականատեսներու, որոնք յստակ կերպով կը նկարագրեն դէպքերը։

Փաստաթուղթերը կը նշեն քայլերը Պենետիկտոս ԺԵ պապին, որ 10 Սեպտեմբեր 1915-ին եւ 12 Մարտ 1918-ին երկու նամակներ յղած է Մուհամատ Ե. Ռեշատ սուլթանին։

Պապին ջանքը Վատիկանի կողմէ հայերուն օգնելու համար՝ միջնորդութեան շարք մը փորձերու գագաթնակէտն էր։ Վատիկանը փորձեց Սուրիոյ մէջ թրքական բանակի հրամանատար Ճեմալ Փաշայի մօտ միջնորդութիւն կատարել՝ 1917-ին մահուան դատապարտուած 60 հայերու ազատ արձակման համար։ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Փիեթրօ Կասփարի կարտինալը 1921-ին Մուսթաֆա Քեմալ փաշայի մօտ միջնորդութիւն կատարեց Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներու կեանքերն ու ունեցուածքը պահպանելու համար։

Վատիկան միայն դիւանագիտութեամբ չզբաղեցաւ, այլ նաեւ ջանաց վերապրողներուն օժանդակել։ «Լա Սիվիլիթա Քաթոլիքա» կը գրէ, որ Վատիկան զօրակոչի ենթարկած է իր շարքերը եւ սննդեղէն ուղարկած է հայ տարագրեալներուն այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Կարմիր խաչէն եւ »Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան մարմինէն« ( Near East Relief) բացի միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններ գոյութիւն չունէին։

Վատիկան մասնաւորաբար օժանդակեց որբերու եւ հաստատեց «բազմաթիւ որբանոցներ», որոնց դռները բաց էին բոլոր յարանուանութեանց առջեւ։ Հայ որբ աղջնակներ պահուեցան Հռոմի մօտ գտնուող Քասթել Կոնտոլֆօ Առաքելական պալատին մէջ գտնուող որբանոցին մէջ։

Փաստաթուղթերը կ՚արձանագրեն այն պատճարները, որոնք պետութիւնները մղեցին ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ որեւէ կեցուածք չճշդելու եւ ցեղասպանութեան առաջին նշաններու երեւան գալէն ետք հայ ժողովուրդին չպաշտպանելու։

«Լա Սիվիլիթա Քաթոլիքա» կ՚ընդգծէ, որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան հայերու ապագայի հարցը «քիչ առ քիչ մոռցուած էր», որովհետեւ «եւրոպական դիւանագիտութեան հանգրուանային կրաւորականութիւնը» աշխատանք տարաւ «ի գին ամէն բանի պահպանելու Օսմանեան կայսրութեան ամբողջականութիւնը»։

1887-1904 Պոլսոյ մէջ պապական նուիրակ Օկուսթօ արք. Պոնեթի միջազգային կացութիւնը կ՚ամփոփէ. Ֆրանսա եւ Ռուսիա նպատակ ունէին «Թուրքիոյ ամբողջականութիւնը» պահպանելու։ Ֆրանսա տարածաշրջանին մէջ նկատառելի տնտեսական ներդրումներ կատարած էր, իսկ Ռուսիա կ՚ուզէր, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները խաղաղ մնան, որպէսզի իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ ծայրագոյն արեւելքի վրայ։

Պոնեթի արքեպիսկոպոսի կարծիքով՝ Գերմանիա յոյներու եւ թուրքերուն միջեւ պատերազմի շարունակման մէջ նիւթական շահեր ունէր, իսկ Անգլիա «Թուրքիոյ մէջ կարեւոր քաղաքական շահեր ունէր»։

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին այս փաստաթուղթերուն հրապարակումը կրնայ լոյս սփռել, թէ ցեղասպանութիւնը ինչու գործուեցաւ քաղաքական ընդհանուր անտարբերութեան մը մթնոլորտին մէջ։

Ինչ կը վերաբերի Ֆրանչիսկոս պապին՝ ան 24 Ապրիլին Ս.Պետրոս տաճառին մէջ ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ պիտի մատուցէ պատարագ մը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.