Գանատայի խորհրդարանին մէջ պիտի ներկայացուի Ապրիլը ցեղասպանութեանց յիշատակման ամիս հռչակելու բանաձեւ
«Հորիզոն».- Մարտ 26-ին, Գանատայի խորհրդարանի անդամ, եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան փոխ նախագահ Պրատ Պաթ (նկարը) հրապարակեց Գանատայի խորհրդարանի յառաջիկայ նիստին ներկայացուելիք թիւ 587 բանաձեւը, որ կը նպատակադրէ Ապրիլ ամիսը Գանատայի մէջ ցեղասպանութեանց յիշատակման ամիս հռչակել։
Բանաձեւը կ՚ըսէ.
Ներկայացուցիչներու այս տունը կը վերահաստատէ ճանաչումը.
– Ողջակիզումի յիշատակման օրուան հռչակագիրը (C-24) , որ որդեգրուած էր Նոյեմբեր 7, 2003-ին։
– Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը (M-380), որ որդեգրուած է Ապրիլ 21, 2004-ին։
– Ռուանտայի ցեղասպանութեան բանաձեւի միաձայնութեամբ որոշումը, որ որդեգրուած էր Ապրիլ 7, 2008-ին։
– Ուքրանական Սովասպանութեան յիշատակման օրուան հռչակագիրը (C-459), որ որդեգրուած էր Մայիս 29, 2008-ին։
Ներկայացուցիչներու այս տունը Գանատայի կառավարութեան կոչ կ՚ուղղէ՝ յարգելու յիշատակը բոլոր ցեղասպանութեանց զոհերուն, Ապրիլ ամիսը ճանչնալով իբրեւ ցեղասպանութեան յիշատակման, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամիս, եւ Գանատայի Ներկայացուցիչներու տունը կը ճանչնայ առնչակից յիշատակման օրերը.
– Ապրիլ 7-ը Ռուանտական ցեղասպանութեան յիշատակման օր,
– Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր,
– Հրէական լուսնային օրացոյցին համաձայն ճշդուած օրը՝ Եոմ Հաշոա, Ողջակիզման յիշատակման օր,
– Նոյեմբերի չորրորդ Շաբաթ օրը՝ Ուքրանական Սովասպանութեան յիշատակման օր։