Սուրիական տագնապի եւ սուրիայութեան մասին դասախօսական երեկոյ Օթթաուայի մէջ


Օթթաուայի Հայ Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Մարտ 27-ի երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Սուրիական տագնապի եւ սուրիայութեան մասին դասախօսական երեկոյ մը։ Միջոցառումը կը հովանաւորէ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Արմէն Եգանեան։

 «Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Գանատայի համադրիչ մարմին»ի ատենապետ Ժան հալլաճեան պիտի փոխանցէ Սուրիոյ հայ համայնքներու ներկայ իրավիճակին մասին մանրամասնութիւնն՚եր, իսկ Քարլթըն  համալսարանի դոկտորական գիտութեանց թեկնածու Ռուպի Տաղէր պիտի ներկայացնէ Սուրիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանելու հարցը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.