The Wall Street Journal «Հորիզոն»ի հրապարակած վերապրողի պատմութեան մասին պիտի անդրադառնայ
Մարտ 25-ին, Նիւ Եորքի The Wall Street Journal օրաթերթի խմբագրական կազմէն կապ հաստատեցին «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ, յատկապէս տեղեկութիւններ ստանալու համար «Հորիզոն»ի կողմէ վերջերս հրապարակուած Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրող 106-ամեայ Քնար Եմէնիճեանի պատմութեան մասին։ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, The Wall Street Journal նպատակ ունի անդրադառնալու Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողի մը պատմութեան։
Նշենք, որ Մեծ Եղեռնի օրերուն, The Wall Street Journal անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արեւմտեան կիսագունտի մամուլի այն թերթերէն է, որոնք բացայայտօրէն կը գործածեն «Հայկական Ցեղասպանութիւն» յղացքը։
The Wall Street Journal հիմնուած է 1889-ին։ Թերթը ունի 2.4 միլիոն բաժանորդ, 900 հազար համացանցային հետեւորդ եւ կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն տարածուն թերթը։