Հայաստան Կը Դատապարտէ Յոյներու Եւ Ասորիներու Ցեղասպանութիւնը
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ որդեգրած է յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը: Խորհրդարանի 6 խմբակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած տուեալ բանաձեւի քննարկման ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած են հանրապետութեան Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները:
Բանաձեւին մէջ նշուած է. «Առաջնորդուելով ՄԱԿի Գլխաւոր Ասամբլէայի 1946թ. Դեկտեմբերի 11ին ընդունուած 96 (1) բանաձեւով եւ 1948թ. Դեկտեմբերի 9ի ՄԱԿի «Ցեղասպանութեան նախազգուշացման եւ դրա համար նախատեսուած պատժի», ինչպէս նաեւ 1968թ. Նոյեմբերի 26ի «Մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնների եւ ռազմական յանցագործութիւնների վաղեմութեան ժամկէտի անընդունելիութեան» մասին կոնվենցիաներով ու մարդու իրաւունքների մասին բոլոր այլ միջազգային ակտերի դրոյթներով ու սկզբունքներով, հաշուի առնելով հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդների՝ դարերից բխող բարեկամական յարաբերութիւնները՝ Հայաստանի Ազգային ժողովը յայտարարում է, որ դատապարտում է Օսմանեան Թուրքիայում 1915-1923թթ. իրականացրած յոյների եւ ասորիների ցեղասպանութիւնը»։