Բացայայտուած է ատրպէյճանական հետախուզական վաշտի սպաննուած հրամանատարի ինքնութիւնը


Ռազմինֆօ հայկական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 13 մարտին, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ հայկական կողմը «խախտած է հրադադարը»՝ սպաննելով Ազրպէյճանի բանակի զինուոր Օրխան Կուլիեւ Վագիֆօղլուն։ Սպաննուածի մասին այլ տուեալներ չէին նշուէր։

Սպաննուածը իբրեւ «հայկական յարձակումի զոհ» ներկայացնելով՝ հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը սպառնային հայկական կողմին, թէ «սպաննուած զինուորի համար վրէժը պիտի չուշանայ, եւ պատասխան հարուածը պիտի ըլլայ կործանարար»։

2014-ի օգոստոսեան լարուածութեան ընթացքին բազմաթիւ կորուստներէն ետք՝ Ազրպէյճանի մէջ որոշեցին գաղտնի պահել զինեալ ուժերու կորուստներու մասին որեւէ տեղեկութիւն՝ արգիլելով լրատուամիջոցներուն մէջ այդ մասին հրապարակումները։ Այդուհանդերձ, ընկերային ցանցերէն եւ այլ աղբիւրներէն հաւաքուած տեղեկութիւններու համադրութեամբ որոշ պարագաներու կարելի կը դառնայ ստանալ լրացուցիչ, ոչ պաշտօնական տուեալներ։

Այսպիսով՝ յետ ուսումնասիրութեանց, Ռազմինֆոն յաջողած է բացայայտել Օրխան Կուլիեւի զինուորական գործունէութեան մասին որոշ տուեալներ։ Մասնաւորաբար բացայայտուեցաւ, որ ծնունդով Նախիջեւան քաղաքէն Կուլիեւ Օրխան Վագիֆօղլուն կոչումով աւագ տեղակալի աստիճանով սպայ էր։ Ան աւարտած էր Պաքուի՝ Հայտար Ալիեւի անուան ռազմական բարձրագոյն ուսումնարանը։ Ուսանողութեան տարիներուն քանի մը օրով ենթարկուած է կարգապահական կալանաքի՝ Սումկայիթի մօտ տեղակայուած կարգապահական մեկուսարանին մէջ։

Կուլիեւ 2011-էն ի վեր կը ծառայէր Պէյլականի մէջ տեղակայուած թիւ 218 զօրամասին մէջ՝ իբրեւ առաջին, ապա երկրորդ հետախուզական յատուկ վաշտի (commando unit) հրամանատար։ Սպաննուելէ ետք թաղուած է Նախիջեւանի Շարուրի շրջանի «Նահատակներու ծառուղի»-ին մէջ։

Աւագ տեղակալ Օրխան Կուլիեւի՝ հետախուզական վաշտի հրամանատար ըլլալու հանգամանքը շաւ աւելի հաւանական կը դարձնէ այն վարկածը, որ ան իսկապէս սպաննուած է հայկական կողմի գնդակէն, սակայն ոչ թէ հրադադարի խախտման հետեւանքով, այլ՝ ներթափանցման ձախողած փորձի ժամանակ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.