Հրամանատար Մովսէս Յակոբեան այցելեց վիրաւոր հայ զինուորներուն. ատրպէյճանական կողմը ունի 13 զոհ
Ատրպէյճանական բանակի յատուկ նշանակութեան ջոկատի (commando) խումբ մը, մարտ 19-ին՝ ժամը 08:30- ին, յարձակած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) հիւսիսային սահմանին վրայ, Կիւլիստանի սահմանին ուղղութեամբ: Շուրջ երկու ժամ տևած մարտական գործողութեան ընթացքին, Արցախի բանակի դիրքապահ զինուորները և օգնութեան հասած ուժերը ստիպած էին հակառակորդին դիմել փախուստի։ Հայկական կողմը տուած էր 4 վիրաւոր եւ 3 զոհ։
Ըստ հաւաստի աղբոիրներու, ատրպէյճանական բանակը յարձակման ընթացքին տուած է 13 զոհ, որոնցմէ ոմանք փախուստի ժամանակ ականապատ դաշտի վրայ ականներու պայթումին զոհ գացած են։
Մարտ 20-ին, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, Մովսէս Յակոբեան այցելեց Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց և տեսակցեցաւ ատրպէյճանական յարձակումը ետ մղելու ընթացքին վիրաւորուած հայ զինուորներուն (Նկարը):