ՀՅԴի Արցախի Ընտրական Ցանկը Պիտի Գլխաւորէ Արթուր Աղաբեկեանը


19 Մարտին ժամը 18։00ին աւարտած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 3 Մայիս 2015ի հերթական ընտրութեան մասնակցելու համար կուսակցութիւններու ընտրական ցանկերու եւ քաղաքացիներու առաջադրման ժամկէտը:
Համամասնական ընտրակարգով թեկնածուներու ընտրական ցանկերը Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուցած են 7 կուսակցութիւններ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ 34, Կոմունիստական, Շարժում-88 եւ Ազգային վերածնունդ կուսակցութիւնները՝ ընտրական ցանկերուն մէջ՝ 14ական, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը՝ 35, Ազատ Հայրենիք կուսակցութիւնը՝ 50, Խաղաղութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը՝ 6 թեկնածուներու ընդգրկումով:
Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային ընտրական յանձնաժողովներուն կողմէ տրամադրուած նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն՝ հանրապետութեան բոլոր ընտրատարածքներուն մէջ ընդհանուր առմամբ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած են 50 քաղաքացիներ, ընդ որում՝ 27ն ինքնաառաջադրման ձեւով:
3 թեկնածու առաջադրած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, 4ական թեկնածուներ՝ Ազատ Հայրենիք եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնները, 5՝ Ազգային վերածնունդ կուսակցութիւնը, 7ը՝ Շարժում-88 կուսակցութիւնը: Մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած քաղաքացիներէն 34ը անկուսակցական են: Առաջադրումներուն մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին 20 Մարտին։
Նշենք, որ ՀՅԴի ցանկը համապատասխանաբար կը գլխաւորեն Արթուր Աղաբեկեանը, Գէորգի Պետրոսեանը եւ Արմէն Սարգսեանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.