Արցախի հիւսիսային սահմանին վրայ ատրպէյճանական յարձակումը ետ կը մղուի – 3 հայ զինուոր զոհ


Ատրպէյճանական բանակի յատուկ նշանակութեան ջոկատի (commando) խումբ մը, մարտ 19-ին՝ ժամը 08:30- ին, յարձակած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ)  հիւսիսային սահմանին վրայ, Կիւլիստանի սահմանին ուղղութեամբ: Շուրջ երկու ժամ տևած մարտական գործողութեան ընթացքին, Արցախի բանակի դիրքապահ զինուորները և օգնութեան հասած ուժերը ստիպած են հակառակորդին դիմել փախուստի։

 ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով, ԼՂՀ զինուած ուժերը հետապնդած են նահանջող թշնամին եւ ամբողջութեամբ ոչնչացուցած են  ատրպէյճանական բանակի յատուկ նշանակութեան ջոկատը: ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց նաեւ, որ հակառակորդի յարձակումը դիմագրաւելու ժամանակ արիաբար զոհուած են են  ԼՂՀ բանակի զինուորներ Յակոբ Խաչատրեանը (ծնեալ՝ 1996), Էդուարդ Հայրապետեանը (ծնեալ՝ 1995թ.) և Արշակ Յարութիւնեանը (ծնեալ՝ 1995)։

Կռիւը տեւած է 2 ժամ։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.