Ընդդիմութեան Հանրահաւաք Պաքուի Մէջ


ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Քոնթաքթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ Մարտ 15ին տեղի ունեցած է ընդդիմադիր Ազգային խորհուրդի հանրահաւաքը, դատապարտելու համար պետական զեղծարարութիւններն ու երկրի տնտեսութեան վատթարացումը: Հանրահաւաքին մասնակցած է 4-5 հազար հոգի:
«Իշխանութիւններու ապօրինի քաղաքականութիւնն ու անմիտ քայլերը յանգեցուցած են անոր, որ ունենալով 19 միլիառ մանաթի ամավարկ՝ անոնք որոշած են 8 միլիառ մանաթ արժող Ողիմպիական խաղեր կազմակերպել: Որո՞ւն պէտք է ատիկա: Այդպիսի հսկայական միջոցներ կարելի էր ուղղել ընկերային-տնտեսական լուրջ խնդիրներու լուծման, նուազագոյն կենսաթոշակն ու աշխատավարձը բարձրացնելուն, որ միայն 150 մանաթ է», ըսած է ընդդիմադիր գործիչ Ալի Քերիմլի:
Ան նշած է, որ իշխանութիւններու անատակութիւնը կը հաստատեն նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրապարակային խոստումները այն մասին, թէ մանաթի փոխարժէքը պիտի չփոխուի:
«Այս քաղաքականութիւնը ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնները հետաքրքրուած չեն սովորական քաղաքացիներու շահերով ու հարցերով:
Աւելի՛ն, իշխանութիւնները կը փորձեն տապալած քաղաքականութեան ընկերային-տնտեսական հետեւանքները քաղաքացիներու ուսերուն բարդել», ըսած է Քերիմլի:
Ան նաեւ քննադատած է կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ հոգալու Եւրոպական խաղերու բոլոր մասնակիցներու, ներառեալ՝ հայկական պատուիրակութեան ծախսերը:
Բողոքի ցոյցի աւարտին որդեգրուած է բանաձեւ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ իշխանութիւնները խաբած են քաղաքացիները՝ կտրուկ կերպով արժեզրկելով մանաթը, հակառակ անոր, որ կը խոստանային, թէ այդպիսի բան տեղի պիտի չունենայ: «Այդ պատճառով ալ իշխանութիւնները պէտք է հատուցեն բնակչութեան վնասները, բարձրացնեն աշխատավարձերն ու թոշակները, նուազեցնեն վարկերու տոկոսները եւ վերջ տան զեղծարարութեանց ու մենաշնորհներուն», նշուած է հոն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.