Նորվեկիոյ Վարչապետ Սօլպէրկ մերժեց մասնակցիլ Երեւանի Ապրիլ 24-ի պաշտօնական հանդիսութեան


Մարմարա.- Նորվեկիոյ Վարչապետ Էռնա Սօլպէրկ յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ կայանալիք Հայկական ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակութեան ձեռնարկներուն, պատճառաբանելով, թէ Թուրքիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումը շատ աւելի կարեւոր է իրենց համար։

Էռնա Սօլպէրկ նշեց որ Նորվեկիան Վարչապետի եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մակարդակով պիտի չմասնակցի ձեռնարկներուն, միայն Հայաստանի Նորվեկիոյ աւագ դեսպանն է որ պիտի մասնակցի։

Իսկ Նորվեկիոյ Վարչապետարանի Խորհրդական Պաարտ Կլատ Փէտէրսէն յայտնեց, որ պատմական նիւթերը պէտք է պատմագէտներուն թողուլ։ «Հայոց այս նիւթը վերջին տարիներուն յաճախակիօրէն վիճաբանութեան առարկայ կը դառնայ։ Սակայն ՄԱԿ-ի որոշումներով յայտնի է թէ ինչ բան ցեղասպանութիւն կը նկատուի, ինչ բան չի նկատուիր։ Այդ պատճառով, ձգենք որ արժեւորումները կատարեն պատմագէտները։ Շատ բնական է որ այլ երկիրներու մէջ կատարելի ձեռնարկները ներկայացնեն այդ երկիրներու մէջ պաշտօնավարող աւագ դեսպանները» ըսաւ ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.