Վանի Մէջ Վիրաւորուած Է Հայ Զինուորը Մարմնաւորած Անձը
1544
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Վերջերս, Վան քաղաքին մէջ թուրքերու կողմէ կը կազմակերպուին միջոցառումներ, որոնք նուիրուած են իբրեւ թէ Վանը հայերէ ազատագրելու տարեդարձին: Այդ միջոցառումներէն մէկուն ընթացքին, հրազինային վէրք մը ստացած է քաղաքապետարանի պաշտօնեայ մը, որ փորձած է մարմնաւորել հայ զինուորի կերպարը: Պարզուած է, որ այդ ենթադրեալ հայ զինուորին վրայ կրակ բացուած է իսկական փամփուշտով:
Թրքական «Կելեճեք Կազեթեսի»ի համաձայն՝ վիրաւորուած «հայ զինուոր»ը տեղափոխուած է հիւանդանոց, իսկ անոր վիճակը ծանր, բայց կայուն կը նկատուի:
Տեղւոյն դատախազութիւնը արդէն իսկ հետաքննութեան սկսած է, պարզելու համար, թէ ինչպէ՛ս պատահած է, որ դատարկ փամփուշտներու փոխարէն օգտագործուած են մարտական փամփուշտներ: