Հայեր Ու Քիւրտեր Ապրիլ 24ին Պոլիս Գտնուելու Կոչ Կ՛ընեն
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Եւրոպայի հակացեղապաշտ կազմակերպութիւնները, Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը, «Տուրտէ» նախաձեռնութիւնն ու Հայ Բարեգործական Միութիւնը կոչ ըրած են Ապրիլ 24ին Պոլիս այցելելու, մասնակցելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի արարողութեան. այս մասին կը տեղեկացնէ «Ակօս»ը:
Համացանցի վրայ սկսած »#Remember24April1915« ստորագրահաւաքի ծիրէն ներս, 6 լեզուներով տարածուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի.
«Մենք, որպէս այս յիշատակի օրուան միջոցառումները կազմակերպող, ոգեկոչող եւ մասնակցող եւրոպացիներ, հայեր, թուրքեր եւ քիւրտեր՝ կոչ կ՛ընենք բոլորին, որ կարեւորութիւն տան ճշմարտութեան, ներկայ ըլլան Կ. Պոլսոյ մէջ կայանալիք միջոցառման՝ նուիրուած հայերու հանդէպ իրականացուած Ցեղասպանութեան»:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, թէ Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն հայերու եւ թուրքերու հարցն է, այլեւ՝ ամբողջ մարդկութեան. «Այս նախաձեռնութիւնը արդարութեան որոնում է: Ցեղասպանութեան տանող ցեղապաշտական քաղաքականութեան ամենավատ արարքներէն մէկը ցեղասպանութեան հերքումն է: Ժխտողականութեան դէմ պայքարը ցեղապաշտութեան դէմ պայքար է, հետեւաբար՝ անիկա պայքար է աւելի արդար եւ հաւասար հասարակութեան համար»:
Փաստաթուղթին մէջ յատկապէս շեշտուած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը Թուրքիա գտնուելու կարեւորութիւնը, խթանելու համար Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատ դրսեւորումը: