Պէտք Է Նկատի Առնել Արցախի Բնակչութեան Շահերը. Ուորլիք
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Շփման գիծին վրայ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ, սակայն Յունուարի վերջաւորութենէն ի վեր դրութիւնը կայունացած է: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ընենք պահպանելու հրադադարը՝ խաղաղ բանակցութիւններու համար բարենպաստ հող ստեղծելու համար», ատրպէյճանական «Էյ.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք:
«Հանդիպումներու ժամանակ նախագահները հաստատած են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հետեւելու իրենց պատրաստակամութիւնը եւ յայտարարած են, թէ նկատի կ՛առնեն հրադադարը ամրապնդելու շուրջ առաջարկները: Մենք յոյս ունինք, որ կողմերը այդ եւ մնացեալ հարցերուն շուրջ համաձայնութեան կը հասնին», նշած է միջնորդը:
Համանախագահը ընդգծած է նաեւ, որ բանակցային գործընթացին մէջ պէտք է նկատի առնուին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան շահերը: «Ճիշդ այդ պատճառով, համանախագահները կ՛այցելեն Լեռնային Ղարաբաղ եւ կը հանդիպին փաստացի ղեկավարներու եւ համայնքի այլ անդամներու հետ», ըսած է Ուորլիք եւ աւելցուցած, թէ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում կը ծրագրուի։ «Հակառակ անոր, որ մենք կ՛ողջունենք նման հանդիպումներ, այդ որոշումը պէտք է կայացնեն իրե՛նք՝ նախարարները», նշած է ան:
«2014ի Հոկտեմբերին կայացած փարիզեան հանդիպման ժամանակ, նախարարները յայտարարեցին, թէ այս տարի կ՛ուզեն զարգացնել երկխօսութիւնը: Համանախագահներու տարածաշրջան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին, նախագահները պատրաստակամութիւն յայտնեցին այս տարի եւս հանդիպում կազմակերպելու: Մենք կը ջանանք կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները նուազեցնել եւ նախագահներու հերթական հանդիպման օրակարգը մշակել», եզրափակած է Ուորլիք: