Ամերիկան Արցախի Անկախութիւնը Չի Ճանչնար


ՊԱՔՈՒ.- Պատասխանելով Արցախի Հանրապետութեան մէջ Մայիս 3ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութեանց մասին ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հարցումին՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հետեւեալը ընդգծած է.
«Միացեալ Նահանգները չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, որովհետեւ անոր վերջնական իրավիճակը ենթակայ կը մնայ միջազգային բանակցութեանց։ Այսպէս կոչուած «ընտրութեանց» արդիւնքը խաղաղութեան բանակցութեանց վրայ ազդեցութիւն պէտք չէ ունենան։ Իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր՝ Միացեալ Նահանգները նուիրուած կը մնայ տագնապին երակարատեւ եւ խաղաղ լուծում մը գտնելու գործին՝ մօտէն գործակցելով հակամարտութեան կողմերուն»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.