Փարիզի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհ Դարձած Հայ Կիներուն Նուիրուած Յուշակոթող Մը Բացուած Է


Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչ միութեան նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ եւ Կիներու միջազգային օրուան առիթով Փարիզի մէջ Երեւանեան պուրակը 8 մարտին համալրուած է հարիւր վարդենիներով` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ կիներուն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Կոմիտասի արձանի դրացնութեամբ տեղի ունեցած է յուշակոթողի բացման արարողութիւն` գլխաւորութեամբ Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդի բազմաթիւ անդամներ, հասարակական-քաղաքական ու պետական գործիչներ, մշակութային ու լրատուական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, հարիւրաւոր ֆրանսահայեր եւ փարիզցիներ:

Դեսպան Չիտեչեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Փարիզի, ինչպէս նաեւ ամբողջ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն` ծագումով հայ իրենց քաղաքացիներու նախնիներու յիշատակին նկատմամբ ընդգծուած հոգատար վերաբերմունքին եւ մնայուն ուշադրութեան համար:

Ելոյթներուն յաջորդած է յուշաքարի հանդիսաւոր բացումը, որուն վրայ գրուած է. «Ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայուհիներուն, անոնց, որոնք անյայտ կորսուեցան, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք փրկուեցան ու փոխանցեցին յիշողութիւնը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.