Թուրքիոյ Հակահայ Կառոյցի Նոր Ղեկավարը Կը Պատրաստուի Ապրիլ 24ին


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Պատմութեան կաճառի նախագահ ընտրուեցաւ «Կազի» համալսարանի դասախօսներէն՝ փրոֆ. Ռեֆիք Թուրան, որուն առաջին գործը եղաւ բացատրել, թէ Ապրիլ 24ի նախօրեակին ինչպիսի՛ աշխատանք յառաջ պիտի տարուի Հայկական Հարցին առնչութեամբ։ Թուրան, «Հապերթիւրք»ի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին պնդեց, որ սխալ է Հայկական Հարցը դիտել իբրեւ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ խնդիր։ «Թէեւ այդպէս կը տեսնուի, բայց իրականութեան մէջ այս խնդիրին ետին կանգնած են մեծ պետութիւններ, որոնք Թուրքիոյ հետ հաշիւ մաքրել կը ցանկան», ըսաւ Թուրան։
Թուրան նաեւ աւելցուց, որ «հայկական տեսակէտներ»ուն մասին ունին կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ կամ երկարաժամկէտ ծրագիրներ։ Առաջինին մէջ կ՛իյնայ անմիջապէս գիրքի մը հրատարակութիւնը։ Այնուհետեւ, պիտի պատրաստուի «փաստագրական» ժապաւէն մը, որ գոհացում պիտի պատճառէ թէ՛ կողմերուն, թէ՛ կողմերէն դուրս մնացած երկիրներուն։
Կաճառի նախագահը աւելցուց, որ երկարաժամկէտ ծրագիրին գծով, հարցը ձեռք պիտի առնուի իբրեւ քաղաքական, իրաւական ու գիտական խնդիր, եւ զայն պիտի բաժնեն աշխարհի միւս պետութիւններուն հետ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.