Ռապըրթ Ֆիսք. «Չըրչիլ ցեղասպանութիւն կոչեց, բայց տարիներ վերջ Թոնի Պլէյր չկրցաւ ցեղասպանութիւն կոչել»
Անգլիացի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք, որ Հայկական հարցի լաւատեղեակ հանրածանօթ լրագրող է, գանգատեցաւ իր իսկ երկրէն, Անգլիայէն, որ կը մերժէ «ցեղասպանութիւն» կոչել 1915-ի դէպքերը։
Ժամանակին, Անգլիոյ նշանաւոր Վարչապետ Ունինսթըն Չըրչիլ ուղղակի ցեղասպանութիւն կոչած էր 1915-ին հայերու դէմ կատարուածը, բայց տարիներ վերջ, ուրիշ Վարչապետ մը, Թոնի Պլէյր, մերժեց ցեղասպանութիւն բառը գործածել, ըսաւ Ֆիսք, մարդու իրաւունքներու նուիրուած միջազգային գիտաժողովի եւ շարժանկարի փառատօնի մը ընթացքին։
Զուիցերիական «Լը Թան» թերթը կը հաղորդէ, որ անգլիացի լրագրողը պատմած է թէ ինչպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած մէկու մը հետ Թուրքիոյ մէջ շրջած է ու գտած են այդ վերապրողին հին տունը։ Բայց տան դռները այլեւս փակ էին անոր։ Լեհաստանի մէջ հրեայ մը, որուն տունը ողջակիզման օրերուն թալանուած է, այսօր կրնայ ետ առնել տունը, բայց Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկ Հայ նմանօրինակ իրաւունք ունի, ըսաւ Ֆիսք եւ հարցուց թէ ինչո՞ւ այսպէս է։
Ֆիսք ըսաւ որ ներկայիս կ՚ապրի Պէյրութի մէջ, ուր 350 հազար հայերու տուն կայ։ Հոն բազմաթիւ Հայ ընկերներ ունի որոնց պապերը ցեղասպանութեան զոհ գացած են։ «Իսկ իմ սեփական երկիրս ներկայիս չի համարձակիր այս ողբերգութիւնը կոչել անոր բուն անունով», ըսած է Ֆիսք։