Տերսիմ Կը Շրջապատուի «Ապահովական» Ամբարտակներով
«Էյ.Էն.Էֆ.» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Տերսիմի շրջանը, որ իր բնական գեղեցկութեամբ եւ կենդանական աշխարհի բազմազանութեամբ ազգային արգելանոց յայտարարուած էր, ներկայիս զինուորական կեդրոններու եւ «ապահովական» ամբարտակներու կառուցման ճամբով կը քանդուի։
Մունզուրի բնական կեանքի պաշտպանութեան ընկերակցութեան ղեկավար Հայտար Չեթինքայա կը յայտնէ, որ թրքական իշխանութիւններուն նպատակը Տերսիմի բնական միջավայրը քանդելն է, Մունզուրի (Մնձուր), Բուլումուրի, Մերջանի եւ Փերի հովիտներուն մէջ կառուցելով զինուորական կեդրոններ եւ ամբարտականեր։
Ան կը յայտնէ, որ Տերսիմի շրջանը շրջապատուած է եւ ամբողջովին մեկուսացուած՝ գիւղերը պարպելու, զինուորական կեդրոններ, հսկողութեան յատուկ կէտեր, ամբարտակներ եւ ջրելեկտրական գործարաններ կառուցելու բոլոր միջազգային կանոնները ոտնակոխող պետական քաղաքականութեան ճամբով։
Ան կը նշէ, որ Քարասու-Մուրատ գետերը նախապէս Տերսիմի բնական սահմաններն էին, սակայն առաջին հերթին 70-ական թուականներուն կառուցուած Քեպան ամբարտակի ճամբով քանդուեցաւ Տերսիմ-Էլազիկ (Խարբերդ) սահմանը եւ հետագային ամբողջ շրջանը շրջապատուեցաւ աւելի քան 10 ջրելեկտրական ամբարտակներով, որոնք կառուցուեցան վերջին 15 տարուան ընթացքին։ Ան ընդգծեց, որ Տերսիմի շրջանին դէմ դիտաւորեալ կերպով կիրարկուեցաւ աւերումի եւ գաղութատիրական քանդումի քաղաքականութիւն։
Ան աւելցուց, որ ամբարտակներու կառուցման պատճառով բազմաթիւ գիւղեր ողողուած են ջուրով, որուն իբրեւ հետեւանք ամայացած են, հողերը շատ աժան գիներով գնուած են, գերեզմանները այլուր փոխադրուած են, իսկ շրջանի մշակութային ու բնական ժառանգութիւնը ջուրին տակ մնացած է։ Չեթինքայա կը յայտնէ, որ իւրաքանչիւր ամբարտակին շուրջ կառուցուած են 4 կամ 5 զինուորական հսկողութեան կեդրոններ, ուր զինեալ մարդիկ ու ապահովական ուժեր կան եւ կեդրոնները ելեկտրական ցանկապատներով շրջապատուած են։ Ան կը յայտնէ, որ շրջանին մէջ մէկ տեղէն միւսը երթալը, երկրէ երկիր երթալուն կը նմանի, որովհետեւ ամէնուրեք անցարգելներ կան։
Չանքայա կը շեշտէ, որ այն մարդիկը, որոնք ամբարտակներու կառուցման դէմ եղած են պետութեան կողմէ բռնարարքներու եւ դատերու ենթարկուած են՝ աւելցնելով, որ դատաւորները երբեք ալ չլսեցին ժողովուրդին ձայնը եւ հետաքննութիւն չկատարեցին։ Ժողովուրդին ժողովրդավարութեան համահունչ ցոյցերուն միշտ կիսազինուորական ոստիկանութեան, ոստիկանութեան եւ ընկերութիւններու սեփական ապահովական ուժերուն կողմէ բռնարարքներու թիրախ դարձան։ Մարդիկ ձերբակալուեցան ամբարտակներուն դէմ բողոքի ցոյց կատարելնուն համար։ Դատական գործընթացները տեղ քայլի մէջ մնացին եւ վճիռները արձակուեցան միայն ամբարտակներու կառուցման աւարտէն ետք։ Ան կը յայտնէ, որ բոլոր այդ քաղաքականութիւնները դիտաւորեալ կերպով կիրարկուեցան կառավարութեան կողմէ։
Չեթինքայա, կը հաստատէ, որ այս կացութիւնը միայն Տերսիմի մէջ չէ, այլ նաեւ Տերմիմի սահմանակից չորս այլ նահանգներու մէջ, ուր եւս ամբարտակներ կը կառուցուին եւ հարիւրաւոր հանքեր կը ստեղծուին։ Ան կը յայտնէ, որ տասնեակներով ամբարտակներ կառուցուած են այն բոլոր հովիտներուն մէջ, որոնք Տերսիմ-Երզնկայի, Տերսիմ-Խարբերդի եւ Տերսիմ-Բիւրակնի միջեւ բնական սահմաններ էին։
Ան կը նշէ, որ Տերսիմը ամբարտակներով շրջապատելէ ետք, այժմ ամբարտակներ կը կառուցուին ուղղակի շրջանին սրտին մէջ եւ տասնեակներով հանքեր կը բացուին։