Հրթիռակոծումէն Վնասուած Է Հալէպի Հայկական Եկեղեցւոյ Շէնքը


Սուրիոյ հայաշատ Հալէպ քաղաքին մէջ նախօրէին հայկական Սրբուհի Ռիթա եկեղեցւոյ հրթիռակոծումէն ոեւէ մէկը չէ տուժած, բայց եկեղեցւոյ շէնքը մեծապէս վնասուած է, այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը տեղեկացնէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանէն: Ան նշած է, որ հարուածներ  հասցուած են նաեւ մօտակայ թաղամասերուն:

Ըստ լուրերուն, Հայ Կաթողիկէ համայնքին պատկանող եկեղեցին գնդակոծուած է իսլամիստական խմբաւորումներու կողմէ: Վերջին հուժկու պայթումը Դեկտեմբեր 30-ին էր, որուն  ժամանակ ռմբակոծուած էին Հալէպի հին թաղամասերը` ինչպէս նաեւ հայկականները: Զարմիկ Պողիկեան նաեւ աւելցուց, որ ահաբեկչական խմբաւորումները կը շարունակեն ռմբակոծել խաղաղ բնակչութիւնը` միտումնաւոր թիրախի մէջ պահելով նաեւ եկեղեցիները:

«Եթէ կը ռմբակոծեն նման վայրեր, միանշանակ է, որ միտումնաւոր կ’ընեն, որովհետեւ այդ վայրերուն մէջ  բախումներ տեղի չեն ունենար», -իր խօսքը եզրափակած է Զարմիկ Պողիկեան:

Աւելցնենք, որ Հայ Կաթողիկէ համայնքի սրբատեղին մեծ նշանակութիւն ունէր ոչ միայն հայերու համար․ այլ ջուրի պակասի պարագային շատերը  կ’օգտուէին եկեղեցւոյ ջրհորներէն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.