Էրտողանի Դէմ Վճիռ՝ Հայաստան-Թուրքիա Հաշտութեան Արձանը Վարկաբեկելու Գծով


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ դատարանը 10 հազար լիրա )4 հազար տոլար) տուգանքի վճիռ արձակեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ, հայ-թրքական հաշտութեան նուիրուած արձանը վարկաբեկելուն համար։
Էրտողան «հրէշաւոր» անուանած էր արձանը, որ քանդակուած էր Մեհմետ Աքսոյի կողմէ եւ նուիրուած հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու նպատակին։ Էրտողան իր ժխտական դիրքորոշումը արտայայտած էր 2011ին, երբ արձանը կը կանգնէր Կարսի մէջ։ Նախագահը, որ այդ տարիներուն վարչապետ էր տակաւին, դրդած էր, որ տեղական իշխանութիւնները կազմաքանդեն յուշարձանը։
Այդ զարգացումներէն ետք, քանդակագործ Աքսոյ դատ բացած էր Էրտողանի դէմ՝ այս վիրաւորանքին համար։ Դատարանը պահանջեց, որ Էրտողան դրամական փոխհատուցում կատարէ Աքսոյին՝ անոր կրնած բարոյահոգեբանական վնասներուն փոխարէն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.