«Հայաստանի Քաղաքացիական Շարժումներ – Ձեռքբերումներ եւ Ակնկալիքներ»


ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի «Սփիւռք-Հայաստան Կապ» Յանձնախումբը Կիրակի Մարտ 8, 2015, կ.ե. ժամը 2։00-ին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս կազմակերպած է հեռակայ Skype զրոյց մը՝ Հայասատանի Yerkir Media հեռատեսիլի կայանի քաղաքական բաժնի վարիչ Գեղամ Մանուկեանի հետ: 

Զրոյցի նիւթն է «Հայաստանի Քաղաքացիական Շարժումներ – Ձեռքբերումներ եւ Ակնկալիքներ»:

Գեղամ Մանուկեան աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի թրքական բաժինը:

1993-94 աշխատակցած է «Երկիր» օրաթերթի եւ «Ազատամարտ» շաբաթաթերթին: 2004-2006 եղած է «Երկիր» շաբաթաթերթի գլխաւոր խքբագիր:

Եղած է ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.