Իսրայէլ Հրաւէր Չէ Ստացած Մասնակցելու Կալիփոլիի Ճակատամարտի Ձեռնարկին
ԵՐԵՒԱՆ.- «Նիուզ» հարցազրոյց մը կատարած է Հայաստանի մօտ Իսրայէլի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շմուէլ Մէյրոմի հետ: Անկէ հատուածը մը ներկայացնենք ստորեւ.
«ՆԻՈՒԶ».- Այս տարուան Ապրիլ 24ին կը ծրագրուի կազմակերպել Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ: Իսրայէլի պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի՞ ձեռնարկներուն, թէ ոչ:
ՄԷՅՐՈՄ.- Այս տարի Իսրայէլի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկները կը սկսին Ապրիլ 22ին եւ պիտի շարունակուին ամբողջ յաջորդ օրուան ընթացքին: Ապրիլ 24ը Ուրբաթ է, իսկ Ուրբաթ երեկոյեան հրեաներուն մօտ կը սկսի Շաբաթը: Այդ պատճառով, Իսրայէլի պաշտօնական դէմքերուն համար դիւրին պիտի չըլլայ մասնակցիլ այդ օրը ծրագրուած ձեռնարկներուն:
Մեր կարծիքով, Ապրիլ 24ը խնդրայարոյց օր է պաշտօնական այցելութիւններու համար: Կը յուսամ, որ Իսրայէլի պաշտօնական պատուիրակութիւնը այս տարուան ընթացքին կ՛այցելէ Երեւան:
«ՆԻՈՒԶ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 24ը յայտարարած է Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակի օր: Վերջին շրջանին, Թուրքիա եւ Իսրայէլ սուր յայտարարութիւններ հնչեցուցին իրարու հասցէին: Իսրայէլի պաշտօնական ներկայացուցիչները հրաւիրուա՞ծ են այդ ձեռնարկներուն՝ հաշուի առնելով կողմերու սուր ելոյթները:
ՄԷՅՐՈՄ.- Իսրայէլի պաշտօնական ներկայացուցիչը Ապրիլ 24ին պիտի չմեկնի Թուրքիա, ոչ միայն վերոնշեալ պատճառներով, այլ նաեւ այն պատճառով, որ նման հրաւէր չէ ստացած: