Ֆրանսայի Մօտ Թուրքիոյ Դեսպանը՝ Նռան Հիւթով Յարձակումի Թիրախ


ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Փարիզի Տեքարթի անուան իրաւագիտական համալսարանին մէջ ցուցարար մը իւրայատուկ ոճով իր բողոքը յայտնած է Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքը Աքիլի դէմ՝ անոր ելոյթին ընթացքին դէպի ամպիոն վազելով եւ Հայաստանի խորհրդանիշը համարուող նռան հիւթ թափելով անոր վրայ:
Աքիլ անմիջապէս յայտարարած է, որ հայերը նմանօրինակ յարձակումներ անցեալին եւս կատարած են:
Ոստիկանութիւնը ցուցարարը ձերբակալելով հեռացուցած է սրահէն։
Աւելի ուշ, ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան հաղորդեց, թէ արարքին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութիւնը՝ շեշտելով, թէ արարքին նպատակն էր դատապարտել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի իշխանութեանց կեցուածքը ու եզրափակելով. «Չկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեան»։
Բողոքի այս իւրայատուկ արարքը կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=pRWryMNfaH4 կայքէջէն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.