Դաշնակցութեան Պատուիրակութեան Հանդիպումը Արցախի Նախագահին Հետ


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 Փետրուարին ընդունած է Հայաստանէն Արցախ հասած խումբ մը արցախեան ազատամարտի վեթերաններ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն:
Անմիջական եւ աշխատանքային մթնոլորտի մը մէջ քննարկուած են պետականաշինութեան, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր:

Երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատած է նման այցելութիւնները՝ ընդգծելով, որ անոնք իբրեւ հայրենասիրութեան եւ համախմբուածութեան իւրատեսակ դրսեւորում, դրականօրէն կ՛ազդեն զինուած ուժերու մարտունակութեան բարձրացման, ներհայկական կապերու ամրապնդման եւ մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան վրայ:
Նախագահ Բակօ Սահակեան պատասխանած է նաեւ ներկաներուն կողմէ տրուած տարբեր հարցումներուն: Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արթուր Թովմասեան, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.