Թուրքիա մէկ միլիոն տոլար վճարած է Եգիպտոսի մէջ պահուող Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերու բնաջնջման համար
Թրքական «Տէմոքրաթ Հապէր» առցանց թերթին մէջ Հրանդ Գասպարեան ոգեկոչելով Գահիրէի մէջ լոյս տեսնող «Վիթօ» թերթը, ցնցիչ լրատւութիւն մը կը կատարէ։ Եգիպտական արխիւներուն մէջ պահ դրուած 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող պետական փաստաթուղթերը բնաջնջելու համար Թուրքիա աւելի քան մէկ միլիոն տոլար տուեր է Գահիրէի։
«Ճիհատ» կուսակցութեան հիմնադիր Շէյխ Նապիլ Նայիմ, Եգիպտոսի կառավարական նիստի ընթացքին խօսք առնելով պնդած է, որ եգիպտական արխիւներուն մէջ պահուած՝ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերու հրկիզման համար Թուրքիա մէկ միլիոն տոլարը գերազանցող գումար մը վճարած է Եգիպտոսի եւ բնաջնջման գործին մէջ բաժին ունեցած են նաեւ «Մահմետական եղբայրներ»ու որոշ անդամներ։ Ըստ «Վէթօ»ի լրատւութեան, հրկիզուած փաստաթուղթերուն մէջ կը գտնուէին այնպիսի տոմարներ եւ արձանագրութիւններ, որոնք կրնային Թուրքիան նեղ կացութեան մատնել միջազգային ատեաններու առջեւ։ Ըստ թերթին, նաեւ Շէյխ Նայիմ պաշտպանած է այն տեսակէտը, որ այս արարքին համար Թուրքիան պէտք է պատժուի։
ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ՔԱՈՍԷՆ ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՆ
Այն ատենուան նախագահ Հոսնի Մուպարաքի դէմ 2011 Յունուարին, Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ սանձազերծուած ապստամբութենէն ետք, երկրին մխրճուած քաոսային մթնոլորտին մէջ հրկիզուած էին պետական բազմաթիւ շէնքեր։ Ըստ ձեռք ձգուած տեղեկութիւններու, Եգիպտական Հիմնարկի շէնքը, որ իր կարգին հրկիզուեցաւ 2011 Դեկտեմբերին, կը պատսպարէր մերձաւոր արեւելեան եւ միջերկրականեան երկիրներու վերաբերող փաստաթուղթեր. կ՚ըսուի, թէ մինչեւ հրշէջներու յապաղած միջամտութիւնը, մոխրացած է հոն գտնուող փաստաթուղթերուն մեծամասնութիւնը։