Հեռախօսային Արձանագրութիւններ Կ՛ապացուցեն Թուրքիոյ Մեղսակցութիւնը Քեսապի Վրայ Յարձակումին
1504
0
ԱՆԳԱՐԱ, «Ալ-Մոնիթըր».- Թուրքիոյ մէջ Իսլամական Խալիֆայութեան զինեալներու դէմ դատավարութեան ընթացքին ներկայացուած ապացոյցներու շարքին, բացայայտուած են հեռախօսային արձանագրութիւններ, որոնք յստակ կը դարձնեն Թուրքիոյ զինեալ ուժերու մասնակցութիւնը Քեսապի վրայ շղթայազերծուած յարձակումին:
Սոյն արձանագրութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ Թուրքիա ոչ միայն զէնք եւ զինամթերք մատակարարելով օգնած ը Իսլամ ծայրահեղականներուն, այլեւ ուղղակի թնթանօթներով հարուածած է Քեսապի վրայ յարձակողներու մատնանշած սուրիական բանակի տեղերը նշող թիրախներ:
Դատական արձանագրութիւնները ձեռք ձգած է «Թումհուրիէթ» թերթի լրագրող Ահմէտ Սիքը: