Դաշնակցութեան Նախաձեռնութեամբ Սերժ Սարգսեանն Ու Գագիկ Ծառուկեանը Կը Հանդիպին


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երկուշաբթի, 17 Փետրուարին, Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ կայացած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը: «Նիուզ»ի թղթակցին այս հանդիպման մասին յայտնած է ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը, նշելով, որ հանդիպումը կայացած է Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ:

Վարդանեանի խօսքով, վերջին օրերուն Դաշնակցութիւնը ամէն ճիգ թափած է երկիրը ցնցումներէ եւ բախումներէ փրկելու համար:

«Մենք արել ենք անհրաժեշտը: Մեր խնդրանքով Հայաստան է ժամանել գործարար Սամուէլ Կարապետեանը, որը բոլոր ջանքերը գործադրել է իրավիճակը հարթելու համար», յայտնած է Վարդանեան:

«Երկիր Մեդիա»ն այս հանդիպման մասին տեղեկագրելով, կ՛աւելցնէ, որ Սարսգեան եւ Ծառուկեան կրցած են «ընդհանուր յայտարարի» գալ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.