Մովսիսեան Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Սպարտակի Հետ
1078
0
Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին` Սպարտակ Մոսկուայի հետ, յայտնեց ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելէ ետք Մովսիսեան ըսաւ. «Այսօր շատ կարեւոր օր մը եղաւ ինծի համար, երբ որոշեցի մնալ Սպարտակի կազմին մէջ: Նկատի ունենալով, որ խումբը երկրին ֆութպոլի լաւագոյն ակումբն է, կ՛ուզեմ ամէն գնով յաջողութիւններու հասնիլ անոր հետ եւ անոր ապահովել տիտղոսներ»: