Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Հատոր Մը Լոյս Տեսաւ Թուրքիոյ Մէջ
1498
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ մէջ նոր գիրք մը լոյս տեսած է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին: Հոն ներկայացուած են Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած կոտորածները՝ հիմնուած ականատեսներու վկայութեանց վրայ:
Ըստ թրքական «Հապերլեր» կայքին՝ գիրքի հեղինակները՝ Ատնան Չելիք, Նամըք Քեմալ Տինչ եւ Իսմայիլ Պեշիքճի, «100ամեայ Ախ. Հասարակութեան Յիշողութեան Հետքերով. 1915. Տիարպեքիր» խորագրեալ գիրքին մէջ հաւաքած են Ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւններ:
Ատնան Չելիք նշած է, թէ քիւրտերը եւս մասնակցած են Ցեղասպանութեան, սակայն շեշտած է, որ սխալ պիտի ըլլայ ըսելը, թէ քիւրտերն են, որոնք Ցեղասպանութիւնը իրականացուցին, քանի որ բազմաթիւ վկայութիւններ կան այն մասին, որ քիւրտերը նաեւ հայեր փրկած են: