Հալէպի մէջ հրթիռակոծման զոհ գնաց 24-ամեայ Գօգօ Գպըճեան
February 07, 2015
(0)
Share this:
Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանը երկրորդ օրն ըլլալով կրկին կ՛ենթարկուի հրթիռակոծման։ Այսօր, Շաբաթ, 7 Փետրուար 2015-ի յիտմիջօրէին Նոր Գիւղի մէջ ինկած հրթիռներուն եւ կազի պայթուցիկ տակառներուն պատճառով զոհուած է հինգ քաղաքացի, որոնց մէկը՝ հալէպահայ Գօգօ Գպըճեանն է (1991-ի ծնունդ)։ Արձանագրուած են նաեւ տասնեակ վիրաւորներ։