Տերսիմի մէջ հայ-ալևիական եղբայրութեան միութիւն հիմնուեցաւ


Թուրքիոյ Տերսիմ նահանգի Թունջելի (Տերսիմ) քաղաքին մէջ «Հայ-ալևիական եղբայրութիւն» միութիւն (DERADOST) հիմնուեցաւ: Կազմակերպութեան հիմնադրման բացման արարողութեան մասնակցած են Թունջելիի փոխքաղաքապետ Հուսէյն Թունչը, նահանգի առևտուրի և արդիւնաբերական բաժանմունքի  նախագահ Եուսուֆ Ճենկիզը և հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Պէյազ Կազեթէ» լրատուական կայքէջը:

Հանդիսութեան ընթացքին DERADOST-ի նահանգային ղեկավար Սերքան Սարըթաշը, նշելով որ կազմակերպութիւնը սկզբնական շրջանին իր գործունէութիւնը կը կատարէր Իսթանպուլի մէջ, ըսած է. «Կը կարծենք, որ աւելի նպատակայարմար է Տերսիմի մէջ աշխատանքները շարունակել, որովհետեւ այստեղ երկու հին ժողովուրդներ կան՝ հայերը և ալևիները»: Ան նշած է, որ կազմակերպութեան նպատակը երկու ժողովուրդներուն փոխադարձ ճանաչման հնարաւորութիւն ընձեռելն է: Ըստ Սարըթաշի, նոր կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ Երևանի մէջ Տերսիմի մասին ժապաւէն մը ստեղծել:

 Պատմական ակնարկ Տերսիմի հայութեան մասին 

Հայոց պատմական Ծոփք նահանգի մաս կազմող Դերսիմը իրողութեան մէջ արեւմտահայերէնով կը գրուի Տերսիմ։ Շրջանը կը գտնուի Վանայ լիճէն հիւսիս-արեւմուտք, հիւսիսէն՝ Երզնկա, հարաւէն՝ Խարբերդ, արեւելքէն՝ Պինկէօլ-Մուշ եւ արեւմուտքէն՝ Սեբաստիա։  

Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբ, Տէրսիմի բնակչութեան զգալի մասը հայ էր: Տէրսիմի մէջ նախքան թրքացումը, հայկական եղած են նաեւ տեղանունները:

Թրքական յաջորդական կառավարութիւններու օրով, քանդուած եւ գետնին հաւասարեցուած են Տէրսիմի հայկական բոլոր եկեղեցիները:

Պատմութեան ընթացքին Տէրսիմի շատ մը գիւղերու մէջ հայ եւ գըզըլպաշ բնակչութիւնները համերաշխօրէն կ՛ապրէին, մինչեւ իսկ գըզըլպաշ երեխաներ հայկական վարժարան կը յաճախէին եւ հայերէն կը սորվէին: Հայերը լեռնային տէրսիմցիներու քիրվաներն (կնքահայր) էին: Օտար պատմաբաններ կը հաստատեն, որ 17-րդ դարէն սկսեալ, Բիւրակնի (Պինկէօլ), Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններուն մէջ ապրող հայեր, չդիմանալով օսմանեան թուրքերու ճնշումներուն, կը հաստատուէին Տէրսիմ եւ կրօնափոխ դառնալով` կ՛ընդունէին ալեւիականութիւնը (իսլամական շիա յարանուանութեան մէկ ճիւղը):

Ցեղասպանութեան տարիներուն տէրսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին Տէրսիմ ապաստանած շատ մը հայեր ալեւի դարձած են` իւրացնելով տէրսիմցիներուն ապրելակերպը:

1938-ին թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան Տէրսիմի ցեղախումբերը` Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ: Ըստ տէրսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու, 1938-ի յեղափոխութեան տէրսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն տէրսիմցիներու կողքին սպաննուած եւ ջարդուած են նաեւ հայեր:

Այսօր եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տէրսիմցիներ եւ հայեր:

Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը Տէրսիմի տարածքին գործած են 45 հայկական եկեղեցիներ եւ 5 վանքեր: Անցնող երկու տարիներուն շատ մը տէրսիմցիներ սկսան վերադառնալ իրենց հայկական արմատներուն: Այսօր Տէրսիմի մէջ կը գործէ նաեւ Տէրսիմցի հայերու հայրենակցական միութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.