Համազգայինի Հաղորդագրութիւն
Հայ նոր սերունդներուն առողջ եւ արդիւնաւէտ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու գործընթացը կը պայմանաւորուի մասնագիտացած, մանկավարժ եւ ատակ ուսուցիչներու գոյութեամբ: Վերջին տարիներուն, նշուած ստորոգելիները ունեցող ուսուցչական պաշտօնավարութեան թեկնածուներու թիւը հետզհետէ նահանջ կ՛արձանագրէ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին: Ներկայ ընթացքով, ոչ հեռու ապագային, մեր նորահաս սերունդի հայեցի կրթութեան ծրագիրները մեծ տագնապներու պիտի մատնուին:
Ապրիլ 2012ին հաղորդագրութեամբ մը յայտարարած էինք, որ այս խնդիրին լուծում գտնելու ճիգին մէջ, կը սկսէինք Երեւանի Պետական համալսարանին (ԵՊՀ) հետ գործակցիլ՝ հաստատելու համար հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու պատրաստութեան ծառայող հայագիտութեան մագիստրոսութեան ծրագիր մը: Այժմ ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ ԵՊՀի հետ կնքուած յատուկ համաձայնագիրի մը հիմամբ արդէն հաստատուած է ԵՊՀի հայագիտութեան մագիստրոսութեան ծրագիրը (M.A. in Armenian Studies): Ուսումնական տեւողութիւնը երկու տարի է: Ուսումնական ծրագիրը կ՛ընդգրկէ արեւմտահայերէնի, հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան ու հայ մշակոյթի դասանիւթերու ամբողջական համակարգ մը:
Այս առիթով կը յիշեցնենք, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը հաստատած է հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր մը եւ հիմնած է ուսումի եւ Հայաստանի մէջ կեցութեան ծախսերը հոգացող կրթանպաստի դրութիւն մը հետեւեալ երեք հանգրուաններով.
ա) Սփիւռքի հայկական վարժարանէ մը հայերէնագիտական նիւթերու մէջ լաւ արդիւնքներով շրջանաւարտ երիտասարդը/ուհին իր երկրին մէջ կը հետեւի մանկավարժական համալսարանական ծրագիրի մը (Education, Pedagogie), որուն աւարտին կը ստանայ B.A.-ի կամ Licence-ի վկայական: Նոյն հանգրուանին կամ աւելի ուշ, ուսանողը կ՛ամբողջացնէ Teaching Diploma-ի (Diplome dEnseignement) ծրագիր մը:
բ) Երկրորդ հանգրուանով ուսանողը կ՛ամբողջացնէ Երեւանի Պետական համալսարանի հայագիտութեան մագիստրոսութեան ծրագիրը:
գ) Ուսանողներէն պիտի պահանջուի գրաւոր համաձայնագիրով մը ստանձնել պարտաւորութիւնը, ուսումը աւարտելէ ետք, առնուազն եօթը տարի հայկական վարժարանի մը մէջ պաշտօնավարելու իբրեւ հայերէնագիտական նիւթի ուսուցիչ:
Սոյն հաղորդագրութեամբ կը փափաքինք յայտարարել, թէ այս ծրագիրը մէկնարկուած է, եւ հինգ ուսանողներ արդէն կը մասնակցին անոր: Կը հրաւիրենք այս ծրագիրով հետաքրքրուած եւ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ (կամ շուտով շրջանաւարտ) աշակերտները կապ պահելու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակին հետ (central@hamazkayin.com, 00961-4-715684):
Սփիւռքի հայկական վարժարաններէն կը խնդրուի տարածել այս հաղորդագրութիւնը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ