Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես Արշալոյս Մարտիկանեանի Պատմութիւնը` Նոր Շարժանկարով (video)
Ժապաւէնին գովազդային տարբերակը դիտել հոս
Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած Արշալոյս Մարտիկանեանի յուշերուն վրայ հիմնուած եւ 1918-ին Հոլիուտի մէջ նկարահանուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող առաջին շարժանկարին մասին Հայաստանի մէջ կը նկարահանուի վաւերագրական ֆիլմ մը: Նոր շարժանկարին հեղինակն ու արտադրողը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկն է: Շարժանկարը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ տարեվերջ:
https://www.youtube.com/watch?v=sa4X1Mwj3LU&list=UUrD5AtBg5MlgkTn8QiDBMmw#t
Արշալոյս Մարտիկանեան իր ընտանիքին հետ կ՛ապրէր Արեւմտահայաստանի Չմշկածագ քաղաքը։ 1915ին, 17 տարեկանին ականատես կ՚ըլլայ իր հօրը, մօրը եւ եղբայրներուն սպանութեան։ Այնուհետեւ, կը սկսի անոր չարչարալից կեանքը։ Կը վաճառուի Մալաթիոյ, Ուրֆայի եւ Մուշի թուրք ստրկավաճառներու շուկաներուն մէջ. կ՚անցնի սարսափներով լի ճանապահով։ … Ան հարուստ քիւրտերու եւ թուրք աղաներու կիրքերուն յագուրդ տալու համար հարեմներու մէջ կ՚օգտագործուի ու բռնի կ՚իսլամացուի: Սակայն իր հնարամատութեամբ Արշալոյս կը յաջողի փախչիլ հարեմէն: Ի վերջոյ, օր մը ան հայ հովիւի մը օգնութեամբ կը յաջողի լեռներու մէջ ապաստանիլ։ Ամիսներ շարունակ լեռներուն մէջ կը մնայ: Այդ շրջանին Էրզրում քաղաքը ռուսական տիրապետութեան տակ էր, Արշալոյս Մարտիկանեան կը յաջողի է հոն հասնիլ՝ օրեր շարունակ հետիոտն քալելով ու անցնելով Մալաթիայէն, Տիգրանակերտէն, Ուրֆայէն ու Տերսիմէն։ Հոն, ռուսերու եւ ամերիկացիներու պաշտպանութեան տակ, նախ Ռուսիա կ՚անցնի, իսկ ապա՝ Ամերիկա։
Ամերիկա հասնելէ ետք, ան հայերու դէմ ի գործ դրուած չարչարանքներուն մասին կը խօսի ամերիկացիներուն եւ լուսարձակի տակ կ՚առնէ իսլամացած հայերուն հարցը: Անգլերէն չգիտնալուն պատճառով՝ թարգմանի մը միջոցաւ Հենրի Կէյցին կը պատմիր ականատեսի վկայութիւնները։ Գրագէտը դժուարութիւն կ՚ունենայ հաւատալու իր լսածներուն, բայց այդ թուականներուն Անատոլու գտնուող Ամերիկայի եւ Անգլիոյ դեսպանները կը հաստատեն Արշալոյսին խօսքերը։
Կէյց Արշալոյսի պատմածներուն հիման վրայ, 1918ին կը հրատարակէ «Բռնաբարուած Հայաստան» խորագրեալ գիրքը։ Գիրքը այդ թուականներուն մեծ աղմուկ կը ստեղծէ Ամերիկայի մէջ, իսկ 1919ին՝ Օսքար Ափֆելի կողմէ ժապաւէնի վերածուած։ Ժապաւէնը կը կրէ «Ոգիներու Աճուրդը» (Auction of Souls) անունը։ Ժապաւէնի գլխաւոր հերուսուհիին դերը կը ստանցնէ Արշալոյսը, որ արդէն իր անունը փոխած էր Օրորայի (Aurora)։ Շարժանկարը կը ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներու մէջ եւ մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ։ Ժապաւէնի հասոյթէն 30 միլիոն տոլար կը տրամադրուի հայ որբերուն։
Վերոնշեալ ժապաւէնէն միայն 20 վայրկեան տեւողութեամբ հատուած մը փրկուած է, 2 ժամի վրայ եերկարող ժապաւէնի մնացեալ բաժինը կորսուած կը նկատուի։
Արշալոյս Մարտիկանեան մահացաւ 1994-ին, Լոս Անճելըսի մէջ։ Միացեալ Նահանգներու իր բնակարանին մէջ ան իր տան լուսամուտները միշտ փակ ու վարագուրուած կը պահէր ըսելով «թուրքերը կու գան….»։