Վերադարձուած Է Պոլսոյ Հայկական Գերեզմանատան Սեփականութեան Իրաւունքը
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Պոլսոյ Շիշլի թաղամասը գտնուող եւ 700 միլիոն թրքական լիրա արժող պատմական հայկական գերեզմանատան սեփականութեան իրաւունքը՝ 80 տարի ետք, վերադարձուած է Պէյօղլուի Երեք Խորան եկեղեցւոյ հիմնադրամին:
Ըստ թրքական «Վաթան» թերթին՝ 41,950 քառակուսի մեթր տարածք ունեցող հայկական գերեզմանատունը յանձնուած է հայ համայնքի ամենահարուստ հիմնադրամին, որ տարածքին վերատիրանալու նպատակով, 2011ին դիմած էր Թուրքիոյ Հիմնադրամներու ընդհանուր խորհուրդին:
Երեք Խորան եկեղեցւոյ հիմնադրամի ներկայացուցիչ փաստաբան Սիմոն Չեքեմ այս առթիւ նշած է, որ արդէն իսկ ստացած է սեփականութեան վկայականը: Փաստաբանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ 1830ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերուն տրամադրուած տարածքը, առաջին իսկ օրէն որպէս գերեզմանատուն օգտագործուած է: Անիկա Պոլսոյ քաղաքապետարանին յանձնուած է 1930ին, սակայն անկէ ետք եւս հայերը հոն շարունակած են յուղարկաւորութիւններ իրականացնել:
Այդ գերեզմանատան մէջ թաղուած են պոլսահայերու կեանքին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած հայեր՝ մարզիկներ, դերասաններ, արուեստագէտներ, Պոլսոյ հայոց պատրիարքները, նաեւ՝ Թուրքիոյ բանակին մէջ ծառայութեան ընթացքին սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըն: