Տէյվիտ Յովանի «Ծնեալ Ատանա» Շարժանկարը
Անդրանիկ Դեղարարեանի 2014-ին նկարահանուած պատմութիւնը կը սկսի 1915-ին իր ծնողքին Տիգրանակերտէն տեղահանութեամբ։ 15 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող շարժանկարը կը ներկայացնէ անոր ծնողքին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ սովի պատճառով երկու փոքր եղբայրներու մահը։ Ապա կը ներկայացնէ իր ծնողքին Միջին Արեւելքի մէջ ապահով վայր մը գտնելու փնտռտուքը եւ ժամանակաւորապէս Հալէպի մէջ հաստատուիլը։ Շարժանկարը նաեւ կը պարունակէ այդ ժամանակէն արխիւային նկարներ։ Իր հայրը թրքական ռազմական դատարանին կողմէ մահուան դատապարտուելուն պատճառով կը ստիպուի գիշերանց փախուստ տալ Հալէպէն՝ ետին ձգելով իր կինը։ Ան մինչեւ 1918 կ՚ապաստանի Ատանայի մէջ։ Զինադադարի յայտարարութենէն ետք՝ անոր ծնողքը կը վերամիանան Ատանայի մէջ, ուր ինք կը ծնի 4 Յուլիս 1921-ին։ Ֆրանսացիներու կողմէ Ատանայի Թուրքիոյ յանձնումը դարձեալ քաոս կը ստեղծէ եւ այդ քաղաքի հայերուն դարձեալ տեղահանուելուն պատճառ կը դառնայ։ Անոնք ի վերջոյ կը հասնին իրենց վերջին կանգառը՝ Պէյրութ։ Մինչեւ օրս ոչ ոք գիտէ երկու փոքր եղբայրներուն անապատին մէջ թաղուած տեղը։
Տէյվիտ Յովան շարժանկարի գանատահայ բեմադրիչ մըն է։ Հայրը զինք փոքր տարիքէն ծանօթացուցած է ֆրանսական, իտալական եւ ռուսական ֆիլմարուեստի հսկաներու գործերուն։ Շատ չանցած կը նկարահանէ 8 միլիմեթրով իր առաջին շարժանկարը եւ այդ արուեստը կը վերածուի կեանքի իմաստի։
Ան Տալլասի Southern Methodist University-էն ստացած է Թատրոնի MFA աստիճան մասնագիտանալով դերասանութեան ու բեմադրութեան վրայ։ Ան իր ուսումը կը շարունակէ University of Illinois-ի մէջ։