Հերոսական Շատախը- Զուլումը Տիգրանակերտի մէջ
«ՀՈՐԻԶՈՆ» – Հայկական Ցեղասպանութեան դէպքերու մանրամասնութեանց հարուստ աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915-ի Մարտէն մինչեւ Սեպտեմբեր եւ հետագային՝ 1919-1925:
Ծածկանուններով թերթին աշխատակցած են Լիպարիտ Նազարեանց, Շաւարշ Միսաքեան, Զապէլ Եսայեան, Վահագն Քրմոյեան եւ ուրիշներ:
«Հայկական հարց», «Երկիր», «Մեծ ճգնաժամը» խորագրով թերթի մնայուն սիւնակները կը ներկայացնեն Մեծ Եղեռնի օրերուն պատահած պատմական նշանակութիւն ներկայացնող եղելութիւններ:
Մեծ Եղեռնի 90-ամեակի օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, թերթի հարազատ ծաւալով վերահրատարակեց Հայաստանի 1915-ի հաւաքածոն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 1915-ի թիւերէն քաղուած տեղեկութիւններ:
***
Հերոսական Շատախը
Շատախը դիմադրած է թուրք ու քիւրտ վոհմակներուն ամբողջ 53 օր:
Լսելով Վանի պաշարման եւ հայերու նեղ կացութեան մասին, այդ քաջարի լեռնականները կ՚որոշեն անյապաղ օգնութեան հասնիլ անոնց: Բայց որովհետեւ այր մարդիկներու ուժերը անհրաժեշտ էին տեղին վրայ, կը վճռեն զինել իրենց կիները եւ խմբեր կազմելով՝ ղրկել Վան:
Բարեբախտաբար Վանը արդէն գրաւուած էր, եւ հայկական գունդը ելլելով անկէ եւ ջախջախելով քրտերը, մտաւ Շատախ ու ցնծութեամբ ընդունուեցաւ այնտեղի ժողովուրդին կողմէ:
«Հայաստան», Չորեքշաբթի, 10 Յունիս 1915
Զուլումը Տիգրանակերտի մէջ
Քաղաքին մէջ ձերբակալուած են շատ մը յայտնի մարդիկ, եւ մասնակի ջարդ տեղի ունեցած է: Իսկ շրջանի մէջ գիւղ ու աւան չէ մնացած: Ամբողջ զէնքը հաւաքուած է, բազմաթիւ հայեր ձերբակալուած են, եւ Դաշնակցական համարուածները՝ սպանուած:
«Հայաստան»,
Չորեքշաբթի, 17 Յունիս 1915