ՀՅԴ ԳԵՄ-ը «Արցախի ազատամարտիկներու ֆոնտ» կը յառաջացնէ
«Ամէն հայ պիտի զգայ, որ առանց իրեն հայրենիքը կը փլուի». Բեկոր Աշոտի վերոնշեալ խօսքին շատեր հետեւեցան, երբ 1988-ի Արցախեան պոռթկումի օրերուն, իրենց ընտանիքները թողնելով մեկնեցան պատերազմի ճակատ իրենց հայրենիքը պաշտպանելու։ Վիգէն Զաքարեանի, Մհեր Ջուլհաճեանի, Թաթուլ Կրպէեանի, Պետոյի նման նուիրեալներ հասան Արցախի պաշտպանութեան։ Արցախի ազատագրման համար իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հարիւրաւոր անձուրաց հայորդիներ, իսկ հարիւրաւոր ազատամարտիկներ ու հերոսներ վիրաւորուեցան։
Այս տարի պիտի նշուի Շուշիի ազատագրման 23-ամեակը։ Այս օրերուն, երբ Ատրպէյճանի կողմէ հետեւողականօրէն կը խախտուի 1994-ին հաստատուած հրադադարը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական Միութիւնը (ՀՅԴ ԳԵՄ) անհրաժեշտ նկատեց յիշելու ու փառաւորելու մեր բոլոր հերոսները, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին Արցախի ազատութեան համար։
Այսօր պատերազմի պատճառով ֆիզիքապէս տուժած ազատամարտիկներ կարիքը ունին մեր բոլորին աջակցութեան։
2014-ին գումարուած ՀՅԴ ԳԵՄ-ի 42-րդ Պատգամաւորական ժողովը յառաջացուց նոր ծրագիր մը. 2014-2015 տարեշրջանէն սկսեալ ԳԵՄ-ի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներու եկամուտին 5%ը պիտի նուիրուի միութեան «Արցախի ազատամարտիկներու ֆոնտ»ին։
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ)
Կեդրոնական Վարչութիւն